Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Երեւանէն վերադարձէն անմիջապէս յետոյ, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։

 

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան Հայրապետին փոխանցեց Հայաստանը Արցախին միացնող Բերձորի միջանցքին առնչուած կարգ մը տեղեկութիւններ։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս ուղղութեամբ կատարած աշխատանքները՝ շեշտելով Սփիւռքի գաղութներէն ներս միասնական ոգիով ու միահամուռ կերպով մեր ժողովուրդը իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու կարեւորութիւնը, ազերիական անմարդկային ու միջազգային օրէնքներուն հակասող արարքներուն դէմ։