Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան:
 
Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը:
 
Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց, Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին՝ յիշեցնելով, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմական կառոյցներով, միշտ զօրավիգ կանգնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր գործունէութեան: