1 October, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեմուտի շեմին, Դպրեվանքի սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Վեհափառ Հայրապետին, կայացաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ին։ Ժողովին ներկայ էին Դպրեվանքի ուսուցչական կազմէն խումբ մը հոգեւորական եւ աշխարհական դասատուներ։

 

Դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ամենակալին օրհնութեամբ այս տարի եւս Դպրեվանքը պատրաստ է իր դռները լայնօրէն բանալու դպրեվանեցիներուն դիմաց եւ մեր ժողովուրդին տուած իր խոստումին հաւատարիմ մնալով՝ մեր ազգին, յատկապէս Սփիւռքին մատակարարելու հոգեմտաւոր պատրաստութիւն ունեցող մշակներ։ Իր խօսքի աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը հրաւիրեց Նորին Ս. Օծութիւնը իր հայրական ու Հայրապետական յորդորներով ուղեցոյցներ ճշդելու եւ առաջնահերթութիւններ յստակացնելու՝ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական նոր տարեշրջանը լաւագոյնս իմաստաւորելու նպատակով։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս, առաջին հերթին, իր հայրական ողջոյնն ու սէրը փոխանցեց Դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան։ Վերյիշեցնելէ ետք Դպրեվանքին առանցքային ու եզակի դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ՝ ընդգծեց այս սրբազան յարկին տակ հոգեմտաւոր, բարոյական ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքը տարիներ շարունակ լծուած է մեր ազգին մարդուժ պատրաստելու սրբազան առաքելութեան. առաքելութիւն մը, որ չի նմանիր ազգային վարժարաններուն այլապէս սրբազան կոչումին։ Դպրեվանքին մէջ մեր ուսանողները կը պատրաստուին ու կը լիցքաւորուին ապագային մեր ազգի մշակութային, ազգային ու հոգեւոր կեանքը հարստացնելու եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գործին նուիրուելու։ Այս գիտակցութեամբ Դպրեվանքին մէջ մենք կերտուեցանք, կը կերտենք ու պիտի շարունակենք կերտել հայ ազգին ապագայ սերունդները։

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան տարած աշխատանքին եւ բարի երթ, յաջող տարեշրջան եւ արգասաբեր ուսումնական-կրթական տարի մը մաղթեց Դպրեվանքին։

 

Յիշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը երկար տարիներէ ի վեր Աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ Դպրեվանքի ընծայարանի վերջին դասարանին։

 

Յայտնենք, որ տեսուչ հայր սուրբին իբրեւ օգնականներ տեսչութեան մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան։