ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) խաղաղապահ ոյժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Անոնք հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։

 

Առաջին հերթին, խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը։ Ան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վեց ամիսէ ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայութեան լծուած հայոց բանակին առաքելութիւնը՝ յայտնելով, որ բանակի զինուորները իրենց պատասխանատուութեան աւարտին կը վերադառնան հայրենիք՝ լծուելու իրենց զինուորական ծառայութեան։ Նորին Ս. Օծութիւնը հայրական ջերմ սիրով ողջունեց մեր զինուորները, շեշտեց հայոց բանակին վիճակուած կարեւոր դերը Հայաստանի պաշտպանութեան, անոր հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան գծով։ Հայրապետը բարձր գնահատեց ազերիական յարձակումներուն դիմաց մեր բանակին ցուցաբերած մարտունակ ոգին եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց բանակը վերակազմակերպելու անյետաձգելի հրամայականը՝ իբրեւ համազգային առաջնահերթութիւն։

 

Յանուն զինուորներուն, հրամանատար Արտէմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին իր ջերմ ընդունելութեան եւ հայրական զօրակցութեան համար եւ այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց անոր։ Ապա, զինուորները շրջեցան Մայրավանքի շրջափակը եւ մօտէն ծանօթացան Կաթողիկոսարանի առաքելութեան զանազան մարզերուն։