Հինգշաբթի առաւօտ՝ 12 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Պապական նուրիակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը:
Նորանշանակ նուիրակին առաջին հանդիպումը ըլլալով Վեհափառ Հայրապետին հետ, Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, թեմական կառոյցներուն ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան, եւ ապա Լիբանանի հայութեան:
Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան առնչուած զարգացումներու շուրջ: Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունեց Վատիկանին զօրակցութիւնը Արցախի հարցին գծով:
Հանդիպման ընթացքին Պապական նուիրակը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին կողմէ յղուած նամակ մը։