Լիբանանի Համազգայինի «Քնար» պարախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց վարչութեան, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:
Յայտնենք, որ անցնող շաբաթներու ընթացքին, ընդառաջելով Քոմոթինիի (Յունաստան) քաղաքապետութեան, պարախումբը ելոյթ ունեցած էր «Հայկական Պարերու Փառատօն»ին՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պարախումբին եւ ընդհանրապէս Համազգայինի ընտանիքին ու մաղթեց, որ Համազգայինը իբրեւ մշակոյթի ու կրթութեան նուիրուած միութիւն, վերանորոգ թափով շարունակէ իր առաքելութիւնը Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս: