ՄԱԿԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇԳԱՐԵԱՆ՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակեց Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը։

 

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն. Վրդ. Նաճարեանի եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։

 

Հայրապետական Նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է Դպրեվանքէն ներս իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ, Թեհրանի Հայոց Թեմէն ներս՝ իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ, Մայրավանքին մէջ՝ որպէս լուսարարապետ Մայր Տաճարի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։