ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՈՒՂԻՆԵՐՈՒՄ. ՍԻՍԻՑ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ 1914-1939» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմագիութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին, երկօրեայ գիտաժողով տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանին մէջ, 8-9 Սեպտեմբեր 2022-ին։

 

Հինգշաբթի առաւօտ գիտաժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, ուր համալսարանի տնօրէն Սրբուհի Գէորգեան կարեւորեց գիտաժողովի իրականացումը ներկայ պայմաններուն մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Ժամկոչեան. իսկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը ընթերցեց Կիլիկիա Մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Նորին Ս. Օծութիւնը կը հրաւիրէր մասնակիցները առարկայական եւ համապարփակ մօտեցումով ուսումնասիրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առանցքային դերակատարութիւնը մեր պատմութեան ամենավճռորոշ տարիներուն, յատկապէս առաջին համաշխարհային պատերազմին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յաջորդող շրջաններուն:

 

Առաջին նիստին առաջին զեկոյցը ներկայացուց Շահան Արք. եւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան՝ արխիւներու ընդմէջէն:
Իր տեսակին մէջ առաջինը եղող սոյն գիտաժողովին կարդացուեցան, վերընթերցուեցան եւ քննարկուեցան 30 զեկոյցներ՝ Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան տարբեր ժամանակներուն եւ երեսներուն վերաբերող հետաքրքրական նիւթերով:

 

Յայտնենք, որ գիտաժողովը, փաստօրէն, առաջին հանգրուանն է յաջորդող նմանօրինակ համախմբումներու: