Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի շրջանային վարչութեան:
 
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազերի բանակին կատարած յարձակումին եւ անոր վտանգալից հետեւանքներուն: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգին դիմաց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ հայոց բանակին զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:
 
Յայտնենք, որ օր մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, համասփիւռքեան տարողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր, որուն ներկայ էին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր տէրը, հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ համայնքներու ու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: