Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։
Հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ վարչութեան տարած աշխատանքները եւ յայտնեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին վարչական, յարաբերական, դասախօսական եւ 60 ամեակին առնչուած նոր վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրները։ Ապա, իւրաքանչիւր անդամ պարզեց իր պատասխատանուութեան առնչուած աշխատանքները։
Հայոց Հայրապետը գնահատեց տարուող գործունէութիւնը՝ վերաշեշտելով երիտասարդութեան վիճակուած կարեւոր դերակատարութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքէն ներս։