Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՉԱՐԼԶ Գ.Ի ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Հէյմըշ Գաուըլի հետ: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի հայութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով եւ ողջունեց Չարլզ Գ. թագաւորին թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, ինչպէս նաեւ դեսպանին յանձնեց Նորին Ս. Օծութեան յղած նամակը:
 
Վեհափառ Հայրապետը իր նամակին մէջ անդրադառնալով Էլիզապէթ Բ. թագուհիին գահակալութեան՝ կը յիշէ, թէ ան յատկանշական իրագործումներով լեցուն նոր էջ մը բացաւ Անգլիոյ պատմութեան մէջ եւ իր նախաձեռնութիւններով մեծապէս սիրելի դարձաւ իր ժողովուրդին: Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով թագուհիին աւագ զաւակին՝ Չարլզ Գ.ի թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, անոր մաղթեց յաջողութիւն, յատկապէս նորանոր մարտահրաւէրներով ու տագնապներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն մէջ: