ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.) ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ 2023

Պ Ա Տ Գ Ա Մ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

հոգեւոր դասուն,

Ազգային իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

 

2023 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայ­րապե­տական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողո­վը, Ազգ. Կեդրո­նական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղա­քական ժո­ղովները, Միա­բանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգ. Իշխանութիւն­ները, մեր կեանքէն ներս գործող քաղա­քա­կան, կրթա­­­­կան, մշակու­թային, բարե­սիրական եւ համայնքային միու­թիւններն ու կազմակեր­պու­թիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ժողո­վուր­դի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին մեր անհատական, ընտա­նեկան եւ ազ­գային կեանքին մէջ լեցուի առող­ջու­թեան, յաջո­ղու­թեան եւ երջան­կու­թեան երկնային բարիքներով։

 

*
*  *

 

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անցնող տարին, 2022-ը, Հայրապետական Հռչակագրով յայտարարեցինք «Սփիւռքի Տարի»։ Անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ վիճակին, եւ այն հիմնական դրդապատճառներուն, որոնք Մեզ մղե­ցին 2022 տարին հռչակելու Սփիւռքի Տարի, Հռչակագրին մէջ հետեւեալ հաստա­տումը կատարեցինք.–

 

«Հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռ­քը՝ տեղ մը անորոշու­թեան ալիքներու մէջ կօ­րօրուի, այլ տեղ՝ փոթո­րիկներու դէմ կը պայ­քարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տե­ղայնացումի արագ ընթացքին մէջ է։  Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց Սփիւռ­քի վերակազմա­կերպումը ու վերա­կենսաւո­րումը հրա­մա­յական ան­հրա­ժեշ­տու­թիւն է։ Այս բազմա­տարած ու բազմե­րես ծրա­գիրը իր գործ­­նա­կան ընթացքը կրնայ առնել նախ Սփիւռքի ինքնա­քննու­թեամբ, ինք­նար­­ժե­ւորումով եւ ազգի համայնական կեան­քին մէջ անոր իւրայա­տուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկա­յա­ծաւալ աշխա­տան­քին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի ար­մա­տական ու արագ փոփոխու­թիւն­ներու յոր­ձա­նուտին մէջ ապրող Սփիւռ­քին համար»։ Ապա, մեկնելով Սփիւռքի պարզած անորոշ ու մտա­հոգիչ կացութենէն, շեշտեցինք թէ՝ «Անորոշութիւն­ներով ու տագ­նապ­ներով լեցուն Սփիւռքի ներ­կայ իրավիճակը, մեր եկե­ղեցին, մեր ղեկավար մար­մինները ու մտա­ւորական­ները պէտք է մղէ՝ իրա­պաշտ ոգիով, պատասխա­նատու մօտեցումով ու համա­պար­­փակ տեսլակա­նով տագ­նապելու, մտածելու, քննելու, խորհըր­դակ­ցելու եւ մանաւանդ՝ Սփիւռ­քի ներ­­կան վերա­կազմակեր­պելու ու անոր ապագան հունա­ւորող ճիշդ ճամ­բա­ներ եւ ազդու միջոցներ որո­նելու»։

 

Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին Սփիւռքին ներկայ գո­յա­վիճակին ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ՝ յօդ­ուած­ներու, ուսումնասիրութիւն­ներու, դասախօ­սութիւն­ներու ու սեմի­նար­նե­րու ճամբով արտա­յայտուած մտա­հոգութիւն­ները, ներ­կա­յաց­ուած մատնա­նշում­ները ու կատարուած վերլու­ծումները փաս­տօրէն վերաշեշ­տեցին՝ Հայ­րապետական Հռչակագ­րով Մեր կատարած ընդ­գծում­ները եւ յատ­կապէս՝ Սփիւռքը իր ներկայ վի­ճա­կէն դուրս բերե­լու եւ վերակազ­մակերպման առաջ­նոր­դելու ան­յետա­ձգելի հրամա­յա­­կանը։

 

Հետեւաբար, մէկ կողմէն նկատի ունենալով սկսուած քննար­կում­ներու շարունակման կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն, քննար­կում­ներէ անդին՝ գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոց­ներուն յստա­­կեց­ման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2023 տարին դարձ­եալ կը հռչակենք

 

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.)

(Ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում)

 

շեշտաւորումով։ Մեր սպասումն է որ առանց անտեսելու ինքնա­քննութեան յոյժ կարեւորութիւնը, ներկայ տարուան ընթացքին գործ­նական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին՝ մասնաւո­րաբար թեմական շրջագծէն ներս։

 

Ի՞ՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

 

Խոր գոհունակութեամբ կʼուզենք հաստատել, թէ՝ Սփիւռքի Տար­ուան հռչակումը լայն արձագանգ գտաւ ակա­դեմական, մտա­ւորա­կան, մամուլի եւ երիտասարդական շրջանակներէն ներս։ անցնող տարուան ընթացքին յաջորդաբար հինգ առիթներով առցանց հան­դիպումներ տեղի ունեցան Սփիւռքի հարցերուն ծանօթ մասնագէտ­ներու, մտաւո­րականներու, տեղեկատուական մար­զի մասնագէտնե­րու եւ երիտա­սարդ­ներու հետ։ Այս հանդի­պումներու ընթացքին արծարծուեցան ու քննարկուեցան շարք մը այժմէական խնդիրներ, եւ կատարուեցան առաջարկներ։ Կաթողի­կոսարանի նախաձեռնու­թեամբ կայացած յիշ­եալ հանդիպում­ներու ընթացքին եղած քննար­կումներուն ներ­կայացուցած կարե­ւորութիւնը նկատի առնելով, շա­հե­կան կը նկատենք ընդհա­նուր գծերով անդրադառնալ անոնցմէ իւրա­քանչիւրին.–

 

Ա) Առաջին հանդիպումին, բացման Մեր խօսքին մէջ, պարզելէ ետք Սփիւռքի Տարի հռչա­կե­լու շարժառիթ­ները, ընդհանուր գծե­րով անդրա­դարձանք նոր ձե­ւա­­ւորուող եւ յարա­փոփոխ սփիւռք­եան միջավայ­րերու իրավի­ճակ­­ներուն իւրայատ­կութիւննե­րուն եւ տար­բեր բնագա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծող աւանդական կա­ռոյցներու դիմա­գրաւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն: Յատկապէս շեշ­տե­ցինք ինք­նու­թեան վերաբե­րող հիմ­նա­հար­ցերը։ Ապա մաս­նա­կից­ները ներ­կա­յա­ցու­ցին հետեւեալ խնդիր­ները.–

 

— Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը:

 

— Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որ­դեգ­րումը:

 

— Մեր կառոյցներէն հեռու սփիւռքեան գոյավիճակներու հասա­նե­լիու­­թեան մի­ջոցներու որոնումը:

 

— Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննար­կում­ներու ձեւաչափերուն ճշդումը:

 

— Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներ­գրաւ­ման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը:

 

— Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւն­նե­րու ու­սում­նասիրութիւնը:

 

— Համացանցային տարածքներու վրայ համա­խմ­բում­­նե­րու յա­ռա­ջա­ցումը:

 

— Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւա­քագ­րումի աշխատանքին կարեւորութիւնը:

 

— Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշա­­կելու հրամայականը։

 

— Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր հա­յե­ցա­կար­գերու պատրաստութիւնը:

 

Վերոյիշեալ խնդիրներուն իրապաշտ, համա­պար­փակ ու խոր­­քային քննարկումը նկատուեցաւ որպէս անհրաժեշտ մէկնա­կէտ՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին։

 

Բ) Խորհրդակցութիւն­ներու երկ­րորդ հանդիպումի բացման Մեր խօսքով ընդգծեցինք հետեւեալ կէտերը.–

 

— Արդեօք Սփիւռ­քը պատ­րա՞ստ է վերա­կազ­մակերպուելու։

 

— Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնա­կէտ հար­ցե­րու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդու­մին։

 

— Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրա­ւո­րումի գոր­ծընթացի մշակումը։ Այս ծիրէն ներս յոյժ կարեւոր նկատ­ուե­­ցաւ եկեղեց­ւոյ եւ իր շուրջ գործող մարմիններուն, միու­թիւննե­րուն եւ աւանդական կա­ռոյցներուն դերը։

 

— Նոր օրակարգերու ճշդումի հրա­տա­պութիւնը, ի հարկին, կա­ռոյց, համակարգ, մեթոտաբանու­թիւն եւ կանո­նագ­րութիւններ բարե­փո­խելու սկզբունքը։ 

 

Ապա, քննարկումը կեդրոնացաւ երեք հիմնահարցերու վրայ, որպէս ուղենիշ հետագայ աշխատանքներուն.– հաւաքական ար­ժէք­ներ, ինք­նութիւն եւ մասնակցութիւն։

 

Գ) Խորհրդակցութիւն­նե­րու եր­րորդ հանդիպումին իրենց մաս­նակ­ցութիւնը բերին խումբ մը երիտասարդներ, որոնք գործօն դե­րա­կա­տարութիւն ունին իրենց գաղութներու կեանքին մէջ։

 

Առաջին հերթին Մենք  դրուատեցինք երիտասարդներուն դրա­կան ներգրաւուա­ծու­թիւնը իրենց գաղութներու կեանքին մէջ եւ նախան­ձա­­խնդ­րու­թիւ­նը՝ գաղութներու վերանորոգման, ընդգծե­լով, որ ընկերու­թիւն մը չի կրնար յառաջդիմել առանց երիտասար­դու­թեան, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ըն­կե­­րու­թեան աւիշն է ու ներկան՝ ո՛չ միայն ապա­գան։ Պարզեցինք Սփիւռ­քին դիմագրա­ւած մարտա­հրա­ւէրները եւ շեշտեցինք վերարժեւորման ու վե­րակազմա­կերպ­ման աշխատանք­նե­րուն հրամայականը՝ երի­տա­սարդ­­­­ներուն գործօն մասնակցութեամբ։ Նկա­տի ունենալով, որ Սփիւռքը թէ՛ հա­յոց ցեղասպանութեան հետե­ւան­­քով յա­ռա­ջացած է եւ թէ Հայաստա­նի տնտեսական տագ­նապէն մղուած ար­տա­գաղ­թած հայորդիներէ բաղկացած, յիշեցու­ցինք թէ Սփիւռ­քը մնա­յուն շար­ժումի մէջ է։ Հետե­ւաբար, ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցում­ներով քննել եւ ար­ժեւորել Սփիւռքը, միաժամանակ շեշտելով թէ՝ գաղութներուն միջեւ հասա­րա­կաց գիծը հայ­կա­կան ինքնու­թիւնն ու պատկանելիութիւնն է։ Քա­ջա­լերե­ցինք, որ երի­տա­­սար­դութիւնը հե­տե­ւողի կրաւորական դերէն դուրս գայ, ու ինքզինք տեսնէ մաս­նակցող գործօն դերին մէջ։ Վերջա­պէս, յիշեցու­ցինք, որ առցանց այս խորհրդակ­ցութեան նպատակն է լսել երի­տասարդ­ները, իմա­նալ անոնց դժուա­­­րու­թիւն­ները, ակնկա­լու­թիւն­ները, եւ մանաւանդ անոնց տեսա­կէտ­ները՝ համաշխարհայ­նացած աշխար­հին ու ան­ցան­կապատ ընկե­րութեան մէջ մեր ինքնու­թիւնը առողջ պա­հելու միջոցներուն մա­սին։

 

Ապա, յաջորդաբար երիտասարդները անդրադարձան զիրենք յու­զող հար­ցերուն։ Անոնք դրին մայրենի լեզուին օգտագործման նուա­զումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրու­թեան ան­բա­ւարար իմա­ցու­թեան պատճառով առցանց հա­ղորդակ­ցու­թեան մէջ լատինա­տառ գրելու հակումը, ընկերային ցանցերու վրայ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յաճախ զիրար չհասկնալու պատճառով զիրար հա­կա­սելու երեւոյթը, օտար վարժարան յաճախելու անպա­տեհութիւն­նե­րը, ար­հես­­տագիտութեան անբաւարար օգ­տա­գործու­մը, երիտա­սար­դութեան մօտ ին­ք­­նաճանաչման վերաշեշտումը, Արցախ­եան վերջին պատե­րազմի պատճառով երի­­տասարդու­թեան մօտ յուսա­լքման հոգեվի­ճա­կը, ղեկավարութիւն-երի­տա­սար­դու­թիւն յարաբե­րու­թիւն­­ներու առնչո­ւած խնդիր­­ները եւ տնտեսա­կան իրա­­վիճակի հետեւանքով գաղութը լքելու հարցը։ Յիշեալ նիւ­թերու քննար­կում­ներուն լոյսին տակ երի­տասարդները նաեւ պար­զեցին իրենց առա­ջարկ­ները՝ կրթա­կան, կազ­մակերպչական, ար­հես­տա­գի­տա­կան եւ եկեղե­ցա­կան մարզե­րու կապուած։ Լսելէ ետք մեր երիտասարդները, Մենք բարձր գնահատե­ցինք անոնց շինիչ ներդ­րումը եւ շեշտեցինք, որ այսօր չենք կրնար խուսափիլ համաշ­խար­հայ­նաց­­ման մշա­կոյ­թէն. սակայն այս իրողու­թեան դի­մաց հարկ է կառ­չիլ մեր ինք­նութեան, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ ար­ժէք­ներու եւ խարսխուած՝ իտէալ­ներու վրայ։ Անհրաժեշտ է մտա­ծել այն­պիսի հաւաքա­կան արժէքներու հա­մակարգ մը յառա­ջացնելու մասին, որ ո՛չ հեռացնէ մեզ ներկայ ըն­կերութենէն եւ ոչ ալ կղզիացնէ, այլ զիրար հարստացնող ներքին յարակցութիւն մը ստեղ­ծէ երկուքին միջեւ։

 

Դ) Չորրորդը հանդիպումը յատկացուած էր տեղեկատուա­կան մարզին։ Ընդ­հանուր գծերով պարզելէ ետք տեղեկատուական մարզի կարե­ւորութիւնը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխա­տանք­նե­րուն մէջ, մասնա­կիցներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց մասնագի­տա­­կան զեկոյց մը եւ ապա տեղի ունեցաւ լայն քննար­կու­մ։ Լուսար­ձա­կի տակ առնուեցան մասնաւորա­բար հետեւ­եալ կէտերը.–

 

— Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է Սփիւռքի գոյ­քա­գրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշ­խա­տան­քին հա­մար։

 

— «Չիփեր»ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարագիտու­թիւ­նը հիմնո­ւած է ծաւալի փոքրացման, բազմապատկուած տուեալ­ներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունք­ներուն վրայ։ Հայկական տեղե­կագիտական գործօնը այս նոր ուղ­ղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակեր­պելու ընթացքին։

 

— Այսօրուան աշխարհակարգը կʼաշխատի ապակեդրոն, ապա­մե­կուսաց­ուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով։ Մեր աշխա­տանք­­ներուն մէջ հարկ է այս աշխատակարգը ու գործելաոճը նկատի ունե­նալ՝ յատ­կապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զան­գուած­­­ներուն հետ կապ հաստատելու համար։

 

Ե) Հինգերորդ հանդիպման նպատակն էր ամ­փո­փել ցարդ կա­տար­ուած քննարկումներուն հիմնական մտքերը եւ գործ­նա­կան մօտեցու­մով ճշդել յառա­ջիկայ քայ­լերը։ Մեր թե­լադրու­թեամբ նկա­տի առ­նուե­ցան առանցքային երեք ուղղութիւն­ներ.– ախտա­ճա­նա­չում, հա­կազ­դեցութիւն ու գործընթաց։ Ապա պարզե­ցինք այն յատ­կանշա­կան երե­ւոյթ­ները ու կատարուած ա­ռա­ջարկ­ները՝ քաղ­ուած թէ՛ առ­ցանց հան­դիպումներէն եւ թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս Սփիւռ­քի տար­ուան առիթով գրուած յօդուածներէն։ Յիշեցու­­ցինք, որ Սփիւռ­քը ներկայ գոյավիճա­կէն դուրս բերելու հրամա­յականը դարձած է հաւաքական մտահոգութիւն ու գոյութենական խնդիր։ Յստակօ­րէն նշմարելի է երիտասարդութեան մօտեցումը, որ անյե­տաձգելի կը նկատէ Սփիւռ­քի վերակազմա­կեր­պումը, այ­լա­­պէս, կրնայ աւելի խորանալ ան­ջըր­պե­տը երիտասար­դու­թեան եւ սփիւռ­քահայ կեան­քին միջեւ։ Ընդ­գծեցինք նաեւ, որ Սփիւռքի Տար­ուան նպատակը ակադեմական ուսումնասի­րութիւն մը պատ­րաս­տելը չէ, այլ՝ տար­բեր մարզերու վերարժեւո­րումի ու վերա­նորոգումի աշխա­տանքներուն հա­մար շօ­շափելի տուեալներու վրայ հիմ­նուած ծրա­գիր մշակել ու գործըն­թաց ճշդել է։

 

Զ) Ազգ. Ընդհ. Ժողովին ուղղած Մեր պատգամին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Կեդրո­նա­կան Վար­չութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժո­ղովներու տեղե­կա­գիրներուն մէջ լայն տեղ յատկացուած էր Սփիւռ­քի վերա­կազմա­կերպման։ Ժողովը իր կարգին առանձին նիստով ու լայն քննար­­կումով շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպ­ման յոյժ կա­րեւո­րութիւնը եւ այդ գործընթա­ցին սկիզբ տալու անհրաժեշտու­թիւնը՝ մաս­նաւո­րա­բար թեմերուն կողմէ։

 

Արդարեւ, Սփիւռքի Տարուան առի­­թով տեղի ունեցած քննար­կում­ները, գրաւոր թէ առցանց, պար­զեցին հասարակաց նո՛յն մտա­հո­գութիւնները՝ թէ Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ըն­թաց­քի մէջ է, մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժ­մէակա­նու­թիւնը, եւ հե­տեւաբար, անհրա­ժեշտ է Սփիւռքի վերա­կենսա­ւորումը մեր կեան­քը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրա­կանութիւն­ներուն լոյսին տակ։ Արդարեւ, յատկապէս անց­նող տար­ուան ընթացքին այս բոլորին ականատես ու ականջալուր ըլլալէ ետք, եկանք այն հա­մոզման, թէ Սփիւռքի գծով արտա­յայ­տուած հաւա­քական մտա­հոգու­թիւնը այն­քան խոր է, եւ կա­տար­ուելիք աշխա­տանքին ծաւալը այն­քան մեծ ու անոր յստա­կեցումը՝ այնքան էական, որ կարելի չէ այս բոլորը խտացնել մէկ տարուան ժամանակամիջոցին մէջ։ Հետեւա­բար, անհրաժեշտ է այս ուղ­ղու­թեամբ կատարուող քննարկումները շարունակել, մաս­նակ­ցու­թեամբ թեմական ու համայնքային ներկա­յա­ցուցիչնե­րու, մտա­ւորա­կաններու, կառոյցներու պատասխա­նա­տու­ներու ու զա­նա­զան մար­զե­րու մասնագէտներու՝ քննարկումներէ դէպի վերա­կազ­մակերպում ուղ­ղուելու հեռանկարով։

 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՈՒՂՂՈՒԻԼ ԴԷՊԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

 

Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման պահանջը փաստօրէն դարձած է անյետաձգելի մտահոգութիւն։ Սփիւռքի ներկայ վիճակին երկա­րա­ձգումը կը նշանակէ Սփիւռքի գու­նաթափումը, կազմալուծումը ու մա­շու­մը։ Անհրաժեշտ է հաւա­քական ճիգով Սփիւռքին նոր կենսու­նա­կութիւն ներարկել՝ զայն դարձնելով համահունչ ներկայ աշխար­հի իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Բնա­կանաբար սա դիւրին ու հեզասահ աշխատանք մը չէ։ Այսօր Սփիւռ­քը կը ներ­կա­յացնէ զանազանու­թիւններու, հակասութիւն­ներու ու անորոշու­թիւն­­նե­րու խայտաբ­ղէտ պատկեր մը։ Հետե­ւաբար, Սփիւռքին նկատ­մամբ կարելի չէ միաձեւ ու միանուագ մօտեցումներ որդեգրել։ Գա­ղութները կʼապ­րին տար­բեր միջավայ­րերու մէջ. իրենց ներքին դրուածքները տար­բեր են. կազմակերպ­չական տար­բեր դրութիւն­ներով կը ղեկա­վարուին ու տարբեր ազդեցութիւններու ենթակայ են։ Այլ խօսքով, մեր հաւաքական մտահոգութիւնը, նախանձախնդրու­թիւնը ու յանձնառութիւնը չեն են­թադ­րեր անպայման հաւաքական գործըն­թացքի եւ օրակարգի ճշդում։ Հարկ է նկատի ունենալ իւրա­քանչիւր գաղութ կամ թեմ իր իւրա­յատկութիւն­ներով, կարիքներով ու առաջ­նահերթութիւննե­րով, բնակա­նաբար, մեկնելով հաւաքական սկզբունք­ներէ ու նպա­տակներէ։ Մեր հա­յեցակէտով, յատկապէս հե­տեւեալ սկզբունք­ները ու նպատակները պէտք է դառնան առաջ­նոր­դող ուղեգիծը ու մղիչ ուժը Սփիւռքի վերա­կազ­մակերպման.–

 

— Վերարժեւորման ենթարկել Սփիւռքի մէջ ապրող հայու ինք­նա­ճանաչումը՝ համաշխարհայ­նացած մշակոյթի լոյսին տակ։

 

— Հայ կեանքէն ներս առանցքային դերակա­տարութիւն ունեցող եկեղեցւոյ բարեկարգումը նկատել առաջ­նային՝ զայն պատշա­ճեցնե­լով ներկայ ժամանակներու ու որոշ չափով միջավայրի իւ­րա­յատ­կութիւն­ներուն ու պայմաններուն։

 

— Մեր համայնքներէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ինք­նաքննութիւնը եւ գործունէութեան վերարժեւո­րումը կատարել նոր հրամայա­կան­ներու լոյսին տակ։

 

— Մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն հետզհետէ հեռացող երիտասար­դութեան հայ կեանքէն ներս ներգրաւումը ա­պա­­հովել երկխօսութեան ճամ­բով։

 

— Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակար­դակ­ներու վրայ կնոջ աւելի լայն ու գործօն դերակատարութիւնը երաշ­խա­­ւորել։

 

— Համայնքի կեանքի զանազան մարզերէ ներս մասնագէտ­ներուն ներդրումը դարձնել աւելի աշխոյժ ու հետեւողա­կան։

 

ԹԵՄԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

 

Սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ կեդրո­նական տեղ կը գրա­ւեն թեմերը։ 2022 Սփիւռքի Տարուան Մեր Հռչակագրին մէջ անդ­րադառ­նալով թեմերու վերակազմակերպ­ման, ըսինք՝ «Աւանդա­կան Սփիւռ­քի կեանքը կազմա­կերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Իւրա­քանչիւր գա­ղութ եկեղեցին նկա­տած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմ­նած զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատու­թիւնները։ Փաստօրէն եկե­ղեցին չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարա­փոփոխ պայ­ման­ներուն հետ։ Եկեղեցւոյ բարեկար­գումը հրամա­յա­կան է։ Եկեղեցի-ժողո­վուրդ յա­րա­բերու­թիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ ու եկեղե­ցին դառ­նայ ծա­ռա­յական ներկայութիւն ժողովուր­դի կեան­քէն ներս։ Ուստի, նկատի ունենա­լով եկեղեցւոյ առանցքային դերը գա­ղութի մը կեան­քին մէջ, գա­ղութի վերակազ­մակերպումը հարկ է որ սկսի թեմա­կան կեանքէն»։

 

Այս համոզումէն մեկնած, կը թելադրենք որդեգրել հետեւեալ մօ­տե­ցումը ու գործընթացը .–

 

1) Նպատակ։ Կատարուելիք աշխատանքը հարկ է ըմբռնել վար­չակազմակերպչական վերակազմակերպումէ անդին՝ որպէս վե­րա­­նո­­­րո­գում ու վերաշխուժացում եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայու­թեան, ծառայու­թեան ու առաքելութեան նոր հրամայականներու լոյսին տակ։

 

2) Մօտեցում։ Անհրաժեշտ է մէկ կողմէն նկատի ունենալ մեր եկե­ղեցւոյ աւանդութիւններն ու ուսուցումները, եւ միւս կողմէ՝ տեղա­կան իւրայատուկ պայմանները։ Թեմական նեղ սահման­նե­րուն մէջ պէտք չէ կատարուի յիշեալ աշխատանքը, այլ՝ համագա­ղութային մաշտապով, նկատի ունենալով նաեւ քոյր կազմակեր­պութիւններուն տեսակէտը եւ սպասումը։ Պատրաս­տուելիք ծրա­գիրը պէտք է ըլլայ իրապաշտ, հե­ռու՝ տեսական, պատահական ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ։

 

3) Մասնակիցներ։ Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ սպա­սելի է որ ներկայ աշխատանքին գործնապէս մասնակից դառ­նան Ազգ. Վարչու­թիւնը, յարակից մարմինները, հոգեւոր դասը, մասնա­գէտներ, երիտասարդներ, զանազան կա­ռոյց­­ներու պատաս­խա­նա­տու­ներ։ Բնականաբար իւրաքանչիւր թեմ իր հայե­ցողու­թեամբ կը ճշդէ աշխատանքին ընթացքը ու մեթոտը։

 

4) Գործադրութիւն։ Իւրաքանչիւր թեմի կողմէ պատրաս­տուելիք ծրագիրը հարկ է մշակել որպէս գործադրելի ուղեգիծ եւ ոչ թէ որպէս սոսկ ուսում­նասիրութիւն։ Ծրագրին գոր­ծադրութիւնը հարկ է որ կա­տարուի հանգրուանային ընթացքով։

 

5) Վերակազմակերպման ենթակայ կառոյցներ ու միաւորներ.-

 

ա.- Ծուխ։ Ծուխը հիմքը կը կազմէ եկեղեցւոյ կեանքին ու առա­քելութեան եւ այս պարագային՝ թեմին։ Թեմը կազմա­կերպել կը նշա­նակէ նախ ծուխը կազմակերպել։ Ծուխը պէտք է դառնայ աշ­խա­տանք­ներուն կիզակէտը։ Այս նպա­­տակը իրագոր­ծելու հա­մար.–

 

Առաջին, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի հոգեւոր հո­վի­ւին։ Արդարեւ, հոգեմտաւոր զարգացում ու կոչումի գիտակ­ցութիւն ունեցող եւ իր հօտին հետ մնա­յուն կապ պահող հոգեւոր հովիւը առանցքային դեր կրնայ ունենալ ծուխի վերակազմակերպ­ման, ծաւալման ու աշ­խուժացման մէջ։ Հոգեւոր հովիւին քարոզ­ները պէտք է ըլլան ամփոփ ու այժմէական։ Հոգեւոր հովիւը կոչ­ուած է ճիշդ կերպով ու առաւելագոյն չափով օգտագործել ընկե­րային ցանցը, ժո­ղո­վուրդին հետ կենդանի կապ պահելու համար։ Այս ծիրէն ներս Սուրբ Գրա­յին խորհրդա­ծութիւնները, սուրբերու եւ տօներու մասին ամփոփ տեղե­կու­թիւն­ներու, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջ­նորդարա­նին ու մեր Սուրբ Աթոռին առնչուած գլխա­ւոր լու­րե­րու փոխան­ցումը ծուխի ժողովուրդին կը նկատենք անհրաժեշտ։ Տնօրհնէքը, զանա­զան առիթնե­րով ընտանիք­նե­րուն այցելութիւնը, եկեղեցւոյ սրահէն ներս կազմակերպուելիք հաւաք­ները եւս մեծա­պէս կը նպաստեն եկեղե­ցի-ժողո­վուրդ առաւել մերձեցման։ Հոգե­ւոր հովիւը յատուկ ուշադ­րութիւն պէտք է դարձնէ դպրաց դասի կազմակերպման ու ընդ­­հանրապէս ծիսա­­կատարման։ Ան­հրա­ժեշտ է որ Առաջնորդ Սըր­բա­զանը մօտէն հե­տամուտ ըլ­լայ հոգեւոր հովիւի գործունէու­թեան։ Հոգեւոր դասի յատուկ հաւաք­ներու կազ­մակերպումը, հոգեւոր հո­վիւներու աշ­խատանքին յա­տուկ ուղեգի­ծի ճշդումը, պարբերաբար հովիւներու այլ ծուխեր տեղափոխու­թիւնը կրնան դրական դեր ունե­նալ ծուխերու եւ ընդ­հանրա­պէս թեմի կեան­քին ու առաքելու­թեան աշխուժացման մէջ։

 

Երկրորդ, հոգեւոր հովիւին կողքին, հոգաբարձութիւնը եւս կարե­ւոր դեր ունի կա­տա­րելիք ծուխի հզօրացման մէջ։ Հետեւո­ղական ճիգ պէտք է թափել երիտասար­դացնե­լու հոգաբարձական կազմերը՝ նուիրեալ ու աշխատունակ անձեր պաշ­տօնի կոչելով։ Հոգաբարձա­կան կազմերէն ներս տիկիններու ներկայութիւնը կեն­սական է։ Հոգաբարձութիւնը, Առաջնորդ Սրբազա­նին հետ խոր­հըր­դակ­ցաբար, պէտք է մօտէն հե­տեւի հոգեւոր հովիւի աշխա­տանքներուն։ Հոգեւոր հովիւը հարկ է որ նախագահէ հոգաբարձու­թեան ժո­ղովներուն ու մասնակից դառնայ ճշդուած ծրագիրներու իրագործման։

 

Երրորդ, Ներդաշնակ ու սերտ գործակցութիւնը ծուխին եւ Ազգ. Առաջնորդարանին միջեւ հրամայական է։ Թեմը ծուխերու ամբող­ջու­թիւնն է։ Ծուխը համա­րատու է Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան։ Այս շրջագծէն ներս, անհրա­ժեշտ է մէկ կողմէն՝ ամուր պահել համարատուութիւնը Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րանին նկատ­­մամբ, եւ միւս կողմէն՝ յարգել որոշ սահմաններէն ներս ծու­խի ներ­քին ազա­տու­թիւնը, նկատի ունե­նա­լով երբեմն ծուխերուն ունե­ցած աշ­խար­հագ­րա­կան հեռաւո­րութիւնը եւ տարբեր պայման­ները։

 

6) Վերաշխուժացման կարօտ մարզեր.-

 

ա.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Յատուկ կարեւորու­թիւն հարկ է որ տրուի քրիստոնէական դաստիարակութեան թէ՛ թեմական եւ թէ ծխային մակարդակներու վրայ։ Բնականաբար, ծրագրումի ու աշխատանքի կեդրոնը հարկ է ըլլայ Ազգ. Առաջ­նոր­դարանը։ Սակայն ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի Ազգ. Առաջնորդարանին ու ծուխին միջեւ՝ բնականաբար միշտ նկատի ունե­նա­լով տեղական պայ­մանները։ Ժողովրդային հրա­տարակու­թիւն­­ները ¥աղօթք, սուր­բերու կեանք, աստուածաշնչա­կան խորհր­դածութիւն, եւլն.¤ կը նկատենք կարեւոր։ Սուրբ Գրոց սերտո­ղու­թիւ­նը անհրաժեշտ է նոր մեթոտներով կատարել, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ տեղ տալ մեր եկե­ղեցւոյ սուրբերուն, աւան­դու­թիւններուն, դա­ւա­նական ու բարոյա­կան ուսուցումնե­րուն եւ ներ­կայ ընկերութեան հետ աղերս ունե­ցող ընկերաբա­րոյական հար­ցերուն։ Կիրակնօր­եայ վարժարան­նե­րու վերակազ­մակերպու­մը ու անոնց գործու­նէու­թեան ծաւալումը, մեր վար­ժա­րաններէն ներս կրօ­նա­գիտա­կան նիւթերու դասաւան­դումը ու բարոյախօ­սական պահերու հաստատումը կը նկատենք խիստ հրամայա­կան՝ մեր նոր սե­րունդ­ներու քրիստոնէա­կան ու հայեցի կազմաւոր­ման իմաս­տով։

 

բ.- Ընկերային ծառայութիւն։ Ընկերային ծառայութիւնը մեր եկե­ղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկն է։ Այս աշխա­տան­քը առաւելաբար ուղղուած կրնայ ըլլալ մարդասի­րական բնոյթ ունեցող պարագաներու, հիւանդներու, բանտարկ­եալներու եւ կամ նոր հաս­տատուած ընտանիքներու։ Եկեղեցին պէտք է միշտ պատ­րաստ ըլլայ իր խնամ­քին յանձնուած հօտի ընկերային զանազան կարիքներու առաւելագոյն չափով օգտա­կար ըլլալու։ Այս շրջագծէն ներս, հոգեւոր հայրերու կողմէ հիւան­դա­նոց­ներու ու ծերանոցներու հետեւողական այցելութիւնը կեն­սա­կան է։

 

գ.- Երիտասարդութիւն։ Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ շուրջ համա­խմբելը առաջնահերթութիւն է։ Այս ուղղութեամբ յատուկ ծրա­գիրներ հարկ է որ պատրաստուին եւ Ազգ. Առաջնոր­դա­րանի եւ ծուխե­րուն կողմէ համադրուած կերպով իրականաց­ուին՝ երիտա­սարդ­ներուն մասնակցութեամբ։ Երիտա­սարդ տար­րեր հարկ է նշա­նակել թե­մական բոլոր մարմիններէն ներս։ Պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել երի­տասար­դութեան հետ ու վստահիլ անոնց՝ փոխանակ զանոնք հե­ռու պա­հելու մեր կառոյցներէն ու ընդ­հանրապէս մեր հա­ւա­քա­կան կեանքէն։

 

դ.- Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւն։ Ներ­կայ աշ­խարհին մէջ միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբե­րութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Գրեթէ բոլոր թե­մերէն ներս կը գըտ­նուին քրիս­տոնեայ եւ այլ կրօններու պատ­կանող հա­մայնք­ներ ու կազմակեր­պութիւններ։ Հետեւաբար, կա­րեւոր կը նկա­տենք անոնց հետ թեմին յարաբերութիւնը։ Փո­խա­դարձ այցե­լութիւնները ու կարե­ւոր ձեռնարկ­ներու մասնակցութիւնը մեծա­պէս կը նպաստեն յարա­բերութեան ամ­րապնդման։

 

7) Գործակցութիւն Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկե­ղեցինե­րուն հետ։ Մեր Սուրբ Աթոռը միշտ դրական գործակ­ցութիւն ունե­ցած է մեր ազգին անբաժան մասը նկատուող եւ մեր համայնա­կան կեանքին մէջ գործող ու ծառայող Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւե­տարա­նական եկեղեցիներուն հետ։ Նոյն ոգիով գործակ­ցութիւնը ներ­դաշնակ ու համադրուած կերպով անհրաժեշտ է որ շա­րունակ­ուի ծխային թէ թեմական ծիրէն ներս՝ մասնաւո­րաբար համահայկա­կան ու ներգա­ղութային ընդհանրա­կան խնդիր­ներուն շուրջ։

 

8) Գործակցութիւն քոյր կազմակերպութիւններուն հետ։ Թեմե­րէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութիւնը հրա­մա­յական է։ Թեմը գաղու­թէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ժողո­վուրդն է։ Հետեւաբար, ժողո­վուրդի կեանքին մէջ ծառայող կազմա­կերպու­թիւն­ներուն հետ Ազգ. Առաջ­նորդարանին՝ թեմա­կան մակար­դակի վրայ, եւ ծուխին՝ ծխա­յին մակարդակի վրայ, սերտ գոր­ծակ­ցութիւնը մեծա­պէս կրնայ նպաստել գաղութին վե­րակազմակերպ­ման։ Այս հեռանկարով թելադրելի է, որ թեմի վե­րակազմա­կերպ­չական աշխա­­տանք­ներուն մասնակից դառնան նաեւ քոյր կազմա­կեր­­պութիւն­ները։

 

9) Վարչակազմակերպչական։ Շրջաններու պայմաններուն հա­մա­­ձայն հաստատել նոր ծուխեր եւ անհրաժեշտութեան պարա­գային մեծ ծուխերը ներքին բաժանումներու ենթարկել։ Ի հարկին ստեղծել Առաջնորդական Փոխանորդութիւններ թէ՛ հե­ռաւոր շրջան­ներու յա­տուկ եւ թէ Առաջ­նորդարանէն ներս՝ յատուկ առա­քելութիւն յանձնե­լով Փո­խա­նոր­դին։ Ազգ. Վարչութիւնը իր կողքին պէտք է ունենայ կրթա­կան, տնտե­սա­կան ու կալուածա­կան եւ ի պահանջել հարկին այլ մասնագիտական յանձ­նախում­բեր, որպէս­զի իր աշխատանքը ըլլայ աւելի կազմա­կերպ ու հա­մապարփակ։

 

10) Կանոնագրային։ Հակառակ այն իրողութեան, որ թեմերու կանո­նագրութիւնները ենթակայ են մնայուն բարեփոխու­թեան, այ­դու­հան­դերձ անոնք կարիքը ունին իրապաշտ մօտե­ցումով վե­րա­նայման, նկատի ունենալով թէ՛ թեմե­րէն եւ թէ շրջա­պատէն ներս տեղի ունեցող արագ փոփոխու­թիւնները։

 

Ահաւասիկ ընդհանուր գծերով Մեր պատկերացումը թեմերէն ներս կատարուելիք վերակազմակերպչական աշխա­տանք­ներու գծով։ Ներ­կայ տարուան ընթացքին յաջորդաբար պի­տի այցելենք մեր թեմերը, եւ նախապէս ճշդուած օրակարգի համաձայն աշխա­տան­քային հանդի­պումներ պիտի ունենանք Առաջ­նորդ Սրբա­­զան­ներուն, հոգեւոր դա­սուն ու Ազգ. Իշխա­նու­թեանց հետ ։ Յա­ջորդող տարին թեմերու պատաս­խա­նատու մարմինները պիտի այցելեն Անթիլ­իասի Մայրա­վանք եւ իրենց աշխատանք­ներուն մա­սին պի­տի զեկուցեն Մեզի ու Ազգ. Կեդ­րոնական Վարչութեան խառն Ժո­ղո­վին։ Քննար­կումի, խորհրդակցութեան ու ծրագրումի աշխա­տանք­­ներուն պիտի յաջորդէ գործադրումի գործընթացը։ Նշեալ ծրագրին իրակա­նացումը մեր Սուրբ Աթոռի ժամանակակից պատ­­­­­մութեան մէջ մեծ իրագոր­ծում մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ ազդանշանը ու ուղենիշը պիտի դառնայ ողջ Սփիւռ­քի վերակազ­մակերպման։ Արդ, մեր դիմաց կը գտնուի իրագոր­ծելի հսկայ ու անյետաձգելի աշխա­տանք մը, որուն, Աստուծոյ օրհնու­թեամբ, մեր թեմերը կոչուած են լծուելու հաւաքա­կան ճիգով եւ պա­տասխանա­տու ոգիով ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան ամ­բողջական զօրակցութեամբ։

 

Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն։

Հայրական ջերմ սիրով,

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

 

1 Յունուար, 2023

Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան