ԹԵՄԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱԲԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ Կաթողիկոսութեանս բարձրագոյն Ժողովն է եւ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը։

 

Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներէն ետք, 9 եւ10 Դեկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը հերթական առանձին հանդիպումներ ունեցաւ թեմերուն հետ՝ ներկայութեամբ թեմակալ առաջնորդին եւ պատգամաւորներուն։ Այս հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան թեմերուն առնչուող աշխատանքային ծրագիրներ։