16 Հունվարի, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ CILICIA TV-ԻՆ ՀԵՏ

 

«ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է
ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ»*

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մասին խօսիլը սովորական երեւոյթ մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ։ Եռամիութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, լուրջ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգընտիր Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 նոր տարին դարձեալ հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», սակայն շեշտը դնելով ինքնաքննութենէ վերակազմակերպման վրայ: Յաջորդական նման հռչակում կատարելու համար Վեհափառ հայրապետը, վստահաբար, լուրջ եւ նոյնիսկ մտահոգիչ պատճառներ ունէր: Սփիւռքը արդէն իսկ մաշումի ու գունաթափման ընթացքի մէջ է եւ անմիջական կարիքը ունի վերակազմակերպման: Ան սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ եւ յուսախաբ՝ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս վերջին տարիներուն, Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Արցախի հարցը կը համենայ եւ մեր սիրելի Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ:

 

Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան, ան բաւականին հեռու է մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքէն, մեր հաւաքակա՛ն կեանքէն։

 

Արդարեւ, 2022 տարուան աւարտին եւ նոր տարուան՝ 2023-ի սեմին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի անդրադառնայ յիշեալ բոլոր մտահոգութիւններուն, ի մասնաւորի շեշտը դնելով Սփիւռքի վերակազմակերպան անհրաժեշտութեան վրայ, Կաթողիկոսարանի Սիլիսիա թիվիին տուած իր յատուկ Հարցազրոյցի ընթացքին:

 

Աստուած Օգնական Վեհափառ Տէր:

 

1.- Վեհափառ Տէր, մեծապէս շնորհակալ ենք, որ այս տարի եւս մեզի առիթ ընծայեցիք տարուան աւարտին հարցազրոյց ունենալու Ձերդ Սրբութեան հետ։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետէք անցնող տարուան հայ կեանքին վրայ, ի՞նչ արժեւորում կրնաք կատարել։

1.- Բնականաբար, անցնող տարուան ընթացքին հայ կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս եղան իրագործումներ եւ դրական քայլեր առնուեցան. սակայն, ընդհանրապէս հայ կեանքը շարունակեց դիմագրաւել լուրջ տագնապներ, հիմնահարցեր ու մարտահրաւէրներ։ Իրապաշտ մօտեցումը երբեմն մեզ կրնայ յոռետես արժեւորումներու առաջնորդել։ Անհրաժեշտ է ըլլալ առարկայական ու իրատես, կարենալ յստակօրէն տեսնելու մեր բացթողումները ու ձեռքբերումները, եւ ապա վերանորոգ հաւատքով ու յառաջատեսիլ կամքով մշակել նոր ծրագիրներ։ Ազգերու ու կազմակերպութիւններու կեանքին մէջ տագնապները բնական են. սակայն անհրաժեշտ է զանոնք դիմագրաւելու քաջութիւնը ու իմաստութիւնը ունենալ։ Ա՛յս կը պահանջէ մեր ազգի կեանքին ներկայ հանգրուանը։

 

2.- Վեհափառ Տէր, վերջին Ազգային Ընդհանուր Ժողովը կարեւոր հանգրուան մըն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ։ Ի՞նչ հեռանկար ունիք ապագային նկատմամբ։

2.- Մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան մէջ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովները կը գումարուին նախ յետադարձ ակնարկով կատարուած աշխատանքը արժեւորելու, եւ ապա յառաջիկայ շրջանի աշխատանքի առաջնահերթութիւնները ճշդելու։ Գոհունակութեամբ կʼուզենք հաստատել, որ հակառակ անցնող տարիներու իրերայաջորդ տագնապներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեան առնչուած զանազան մարզերէն ներս յատկանշական իրագործումներ ձեռք բերաւ։ Շուրջ 400 էջերու վրայ տարածուած Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուած տեղեկագրին մէջ հակիրճ կերպով պարզուած են մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան կարեւոր երեսները։ Յառաջիկայ շրջանը ծրագրելու իմաստով, թէ՛ Մեր պատգամին եւ թէ յատուկ նիստերու ընթացքին կատարուած քննարկումներուն ճամբով լուսարձակի տակ բերինք հետեւեալ գլխաւոր հարցերը.- հայ ընտանիք, հայակերտում, երիտասարդութիւն, Սփիւռք, Արցախ, Հայաստան։ Անոնց հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւնները ու առաջադրութիւնները կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն յառաջիկայ շրջանի մեր առաքելութեան օրակարգին վրայ։ Այսօր աշխարհը տարբեր է իր պայմաններով ու մարտահրաւէրներով եւ անոնց անդրադարձը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս սկսած է դառնալ տիրական։ Չենք կրնար անտեսել այս երեւոյթը։ Մեր եկեղեցւոյ մօտեցումը պէտք է ըլլայ համահունչ՝ մեր ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։

 

3.- Վեհափառ Տէր, անցնող տարին հռչակեցիք «Սփիւռքի Տարի»։ Նոյնպէս նաեւ՝ ներկայ տարին։ Ի՞նչ պատճառներ ու մտահոգութիւններ Ձեզ մղեցին դիմելու այս քայլին։

3.- Ինչպէս քիչ առաջ նշեցինք, կʼապրինք համաշխարհայնացման շրջանի մը մէջ։ Համաշխարհայնացումը իր զանազան երեւոյթներով սկսած է շեշտուած ներկայութիւն դառնայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Այլեւս չենք կրնար մեր համայնքներուն շուրջ պատեր հիւսել ու կղզիացած ապրիլ։ Անցեալին, մեր լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները երաշխաւորեցին մեր ինքնութիւնը ու ամրացուցին մեր գոյութիւնը, մեր շրջապատէն մեզ պաշտպանող պատեր հանդիսանալով։ Համաշխարհայնացումը քանդած է ամէն տեսակ պատնէշ ու սահմաններ բոլոր ազգերու կեանքէն ներս. կʼապրինք բազմացեղ, բազմակրօն, բազմագոյն ընկերութիւններու մէջ։ Ներկայ պայմաններուն մէջ սեփական ինքնութիւն ու կառոյց, աւանդութիւն ու արժէք պահելը ու պաշտպանելը փաստօրէն դարձած են ամէնօրեայ պայքար, յատկապէս փոքր ազգերու համար։ Հետեւաբար, Սփիւռքը չի կրնար այլեւս եղածը եւ ունեցածը պաշտպանել. անհրաժեշտ է նոր ժամանակներու ու նոր հրամայականներուն համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել, բնականաբար, հաւատարիմ մնալով մեր հիմնական արժէքներուն ու իտէալներուն։ Եթէ հայապահպանումը ուղղուած ըլլայ միայն եղածը պահելու, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ինքնակղզիացում ու լճացում։ Հայապահպանումը պէտք է ուղղուած ըլլայ մեր ունեցածը վերակազմակերպելու, վերանորոգելու, վերաշնչաւորելու եւ զայն դարձնելու համապատասխան՝ ներկայ ժամանակներու պահանջին։ Ա՛յս կը նպատակադրէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը։ Այս նպատակը իրագործելու համար անհրաժեշտ է դիմել գործնական քայլերու՝ նախ քննական ու առարկայական մօտեցումով արժեւորել Սփիւռքի պարզած ներկայ գոյավիճակը, ճշդել ընդհանրական եւ տեղական մտահոգութիւնները, եւ ապա վերակազմակերպումի ընթացք մը ճշդել, բնականաբար նկատի ունենալով տարբեր համայնքներու ներքին դրուածքները ու շրջապատի պայմանները։ Այս ծիրէն ներս, պէտք է յատուկ կարեւորութիւն տրուի ինքնութեան հարցին։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ. ի՞նչ է հայուն ինքնաճանաչումը եւ անկէ յառաջացող հրամայականները։ Ինչպէ՞ս կարելի է մէկ կողմէն՝ հայու ինքնութիւնը պահել ամուր, եւ միւս կողմէն՝ մաս կազմել տուեալ ընկերութեան հաւաքական ինքնութեան։ Այս եւ նման հարցերու քննարկումը անհրաժեշտ է որ շարունակուի՝ ո՛չ տեսական ու զգացական՝ այլ իրատես ու գոյութենական մօտեցումով։

 

4.- Սփիւռքի գծով Ձեր պատգամներուն ու խօսքերուն մէջ, Վեհափառ Տէր, շեշտը կը դնէք «վերակազմակերպումի» վրայ։ Ի՞նչ է Ձեր պատկերացումը այս մասին։ Ինչպէ՞ս կարելի է լայնատարած Սփիւռքը վերակազմակերպել։

4.- Անցնող տարուան, ինչպէս նաեւ ներկայ տարուան Մեր հռչակագրերուն մէջ շեշտած ենք Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը։ Վերակազմակերպումը պէտք չէ ըմբռնել իր նեղ առումով։ Վերակազմակերպում կը նշանակէ ոչ թէ եղածը քանդել ու նորը շինել, այլ՝ վերանորոգել, վերաշխուժացնել, վերակառուցել, վերադասաւորել, վերակենսաւորել, բարեփոխել՝ միշտ համահունչ ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն եւ համապատասխան տուեալ համայնքի կարիքներուն ու սպասումներուն։ Այս իմաստով, Սփիւռքը իր բոլոր կառոյցներով անյետաձգելի կարիքը ունի վերակազմակերպումի։ Տեղքայլ՝ կը նշանակէ նահանջ։ Մենք չենք կրցած քայլ պահել ներկայ աշխարհի արագընթաց փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ։ Կարծրատիպերով առաջնորդուած ենք։ Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները, պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը, նպատակը ու արժէքներու համարկարգը, կարեւորութեամբ նկատի ունենան իրենց շրջապատին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները. այլապէս, վիհը պիտի խորանայ հինին ու նորին, մեր կառոյցներուն ու երիտասարդութեան միջեւ։ Հարկ է ըլլալ զգոյշ։

 

5.- Վեհափառ Տէր, Սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թեմերը։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք թեմերու վերակազմակերպման գործընթացը։

5.- Եկեղեցին կեդրոնական տեղ ու իւրայատուկ դեր ունի համայնքներու կեանքին մէջ։ Որպէս ազգային եկեղեցի, մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ լայն չափով ներառուած են տուեալ համայնքի կեանքին զանազան տարածքները։ Հետեւաբար, կարելի չէ բաժանման յստակ գիծ մը ճշդել եկեղեցւոյ ու համայնքին միջեւ. սակայն, անհրաժեշտ կը նկատենք եկեղեցին զանազանել համայնքէն ներս գործող միւս կառոյցներէն՝ թէ՛ առաջնահերթութիւններու եւ թէ մտածելակերպի ու գործելակերպի իմաստով։ Թեմի մը վերակազմակերպումը բնականաբար իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ տուեալ համայնքի վերակազմակերպման մէջ։ Հետեւաբար, հարկ է սկսիլ թեմերով։ Այս ուղղութեամբ Մեր պատկերացումը փոխանցած ենք մեր թեմերուն եւ ներկայ տարուան Հռչակագրին մէջ լայնօրէն անդրադարձած այս մասին, ճշդելով թեմերու վերակազմակերպման գործընթացքը՝ զանազան հանգրուաններով ու հիմնական շեշտաւորումներով։ Այս տարուան ընթացքին, որոշած ենք այցելել մեր թեմերը եւ Առաջնորդ Սրբազաններուն ու թեմական իշխանութիւններուն հետ քննել տուեալ թեմի վերակազմակերպման առնչուած հարցեր, մտահոգութիւններ ու կարելիութիւններ։ Անկէ ետք, յաջորդ տարի, թեմերը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն պիտի ներկայացնեն իրենց կատարած աշխատանքներու տեղեկագրերը ու մշակած ծրագիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ հանգրուանային կերպով իրագործել զանոնք։ Յիշեալ աշխատանքը դիւրին չէ. դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւենք. մեր կեանքէն ներս որեւէ բան փոխելը, նոյնիսկ բարեփոխելը, հեզասահ ընթացք մը չʼենթադրեր. սակայն երբ ունինք հաւաքական կամքը եւ մանաւանդ համոզումը՝ մեր համայնական կեանքը բարեփոխելու ու վերակազմակերպելու, պէտք է զայն կատարենք հաւաքական ճիգով ու ամբողջական նուիրումով։

 

 

6.- Վերջին տարիներուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր գաղութները լուրջ տագնապներէ անցան։ Վեհափառ Տէր, Ձերդ Սրբութիւնը անձնապէս զօրակից ու մասնակից դարձաւ յիշեալ գաղութներու վերականգման աշխատանքներուն։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք այս գաղութներու ապագան։

6.- Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր գաղութները յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ու մասնաւորաբար Սփիւռքին համար։ Սուրիոյ գաղութը պատմական գաղութ է. անոր անցեալն ու ներկան մեծապէս առնչուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, արաբական ու իսլամական աշխարհէն ներս մեր ներկայութեան եւ հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն։ Չմոռնանք որ Տէր Զօրը կը գտնուի Սուրիոյ մէջ եւ ցեղասպանութենէն վերապրողներուն առաջին կայքը հանդիսացաւ Սուրիան։ Լիբանանը առանցքային դեր ունեցած է Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ յատկապէս հայ դատի հետապնդման եւ հայ կեանքի զանազան մարզերէն ներս մարդուժի պատրաստութեան մէջ. ան նաեւ իր քաղաքական դերակատարութիւնը ունի Լիբանանէն ներս, որպէս համայնքային երկիր։ Ահա թէ ինչու, այս երկու գաղութներու ոչ միայն վերականգնումը, այլ նաեւ առաւել հզօրացումը մեծ նշանակութիւն ունին մեր ժողովուրդին համար։ Անցնող տարիներուն համահայկական մաշտապով ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գլխաւորութեամբ գործնապէս սատարեցինք յիշեալ գաղութներու վերականգնումին գծով։ Դժբախտաբար տագնապները կը շարունակուին։ Հետեւաբար, մեր աջակցութիւնը եւս պէտք է շարունակուի մասնաւորաբար կրթական, ընկերային ու տնտեսական բնագաւառներէն ներս։ Վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին, Մեր պատգամին մէջ ընդգծեցինք, եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ գաղութներու վերականգնումի աշխատանքներուն զօրակից դառնալու հրամայականին։

 

7.- Վեհափառ Տէր, արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է։ Այս ուղղութեամբ Կաթողիկոսարանը Ձեր գլխաւորութեամբ աշխատանքի լծուած է պաշտպանելու արեւմտահայերէնը։ Ցարդ ի՞նչ կատարուած է այս մարզէն ներս, եւ ի՞նչ են յառաջիկայ քայլերը։

7.- Ցաւալի իրականութիւն է արեւմտահայերէնի նահանջը։ Պատճառները բազմաթիւ են ու այլազան։ Անհրաժեշտ է լրջօրէն մտածել արեւմտահայերէնի նահանջը կասեցնելու, մնայուն կերպով աղաւաղումի ենթարկուող մեր լեզուն մաքրելու, եւ զանազան միջոցներով անոր գործածութեան զարկ տալու կարելիութիւններուն մասին։ Սա դիւրին աշխատանք չէ, սակայն, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ Ազգի մը ինքնութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է լեզուն, մանաւանդ մեզի նման փոքր ազգի մը համար։ Արեւմտահայերէնի առողջ պահպանումը պէտք է դառնայ թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ հայ դպրոցին եւ թէ հայ կազմակերպութիւններուն ու մանաւա՛նդ հայ ընտանիքին հիմնական մտահոգութիւնը։ Հայ ընտանիքը, մեզի համար, ինչպէս միշտ կը շեշտենք, դպրոց է. ծնողքը հայերէն պէտք է խօսի իր զաւակներուն հետ։ Հայ դպրոցէն ներս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի հայ լեզուին։ Դժբախտաբար, համաշխարհային մշակոյթը իր քանդիչ ներկայութեամբ սկսած է մեր կեանքէն հեռացնել մեր լեզուն։ Կարելի է յիշել բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք փաստօրէն կը նպաստեն արեւմտահայերէնի արագընթաց նահանջին։ Ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ այս մտահոգիչ երեւոյթին դէմ։ Մեր Սուրբ Աթոռը շուրջ ութ տարիներ առաջ յանձնաժողով մը հաստատեց, յատուկ աշխատանք սկսաւ կատարել, նախ արեւմտահայերէնին առնչուած զանազան հարցերու (կէտադրութիւն, քերականական հարցեր, ուղղագրութիւն, եւլն.) յստակացումներ կատարելով ու հաւաքական ընդհանուր ուղղութիւն մը ճշդելով եւ ապա արեւմտահայերէնի գործածութեան տարածման նպաստող կարելիութիւնները քննելով։ Սակայն, յաջորդական տագնապները եւ յիշեալ աշխատանքին անմիջականօրէն լծուած յանձնախումբի կարգ մը անդամներու մահը պատճառ հանդիսացաւ, որ դանդաղի յիշեալ գործընթացը։ Շուտով պիտի վերսկսինք մեր աշխատանքներուն, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հռաչեայ Աճառեան Լեզուագիտական Հիմնարկին հետ գործակցաբար։

 

8.- Վեհափառ Տէր, ներկայիս ի՞նչ հանգրուանի մէջ կը գտնուի Սիսի Կաթողիկոսարանի դատը։

8.- Այս մասին լայնօրէն անդրադարձած ենք Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուած տեղեկագրին մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան առիթներով մամուլի ճամբով տեղեակ պահած մեր ժողովուրդը դատի ընթացքին մասին։ Հոս կʼուզենք յիշեցնել, որ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին յղուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի թղթածրարը նոյն դատարանին կողմէ, դատարանի ներքին ուղեգիծին լոյսին տակ, թելադրուեցաւ որ ներկայացնենք թրքական դատարան։ 30 Յուլիս 2019-ին թղթածրարը ներկայացուեցաւ Քոզանի (Սիս) Նախադատ Ատեանին։ Յայտնենք, որ մեր դատական հայցով կը պահանջուի Սիսի Կաթողիկոսարանը արձանագրել իր իրաւատիրոջ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով։ Բնականաբար, մեր պահանջը հիմնաւորող անհրաժեշտ տուեալները ներկայացուած են թղթածրարին մէջ։ 11 Նոյեմբեր 2021-ին Քոզանի Նախադատ Ատեանը մերժեց մեր հայցը՝ ոչ իրաւական տուեալներէ մեկնած։ 22 Փետրուար 2022-ին, թղթածրարը յղուեցաւ Վերադատ Ատեանին։ Մեր իրաւական յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի դատի ընթացքին եւ համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ հասնելու համար մինչեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան։

 

9.- Վեհափառ Տէր, 15 տարիներ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց ատենապետը ըլլալէ ետք, վերջերս ընտրուեցաք նոյն Խորհուրդի նախագահ։ Ի՞նչ սպասումներ ունիք Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումէն։

9.- Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնը Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց ատենապետութիւնն է, զոր վարեցինք 1991-էն մինչեւ 2006, երկու իրերայաջորդ շրջաններ, դառնալով նոյն պաշտօնին համար ընտրուած առաջին ուղղափառը ու երիտասարդը։ Խորհուրդի նախագահութիւնը վարչակազմակերպչական տարբեր հանգամանք ու պատասխանատուութիւն կʼենթադրէ։ Միջ-եկեղեցական շրջանակներ ուզեցին որ անպայման ստանձնենք ներկայ պատասխանատուութիւնը, նկատի ունենալով Մեր տարիներու փորձառութիւնը եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրները։ Յայտնենք, որ ներկայ ժամանակներուն միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւնները սկսած են առաջնային տեղ գրաւել եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ։ Թէ՛ միջ-եկեղեցական ու թէ միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն մեր Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ բերել իր գործօն մասնակցութիւնը սերտ յարաբերութիւններ մշակելով եկեղեցական թէ կրօնական կարեւոր կեդրոններուն ու պատասխանատուներուն հետ։

 

10.- Վեհափառ Տէր, ինչպէս քաջ գիտէք, Հայաստանը լուրջ տագնապներ կը դիմագրաւէ։ Ի՞նչ է Ձեր տեսակէտը Հայաստանը ներկայ կացութենէն դուրս բերելու գծով։

10.- Այս մասին յաճախակի առիթներով արտայայտուած ենք ու կարեւորութեամբ շեշտած հետեւեալ կէտերը.- ա) Մեր ազգին, մարդուժին ու ներուժին համախմբումը Հայաստանի հզօրացման, Արցախի ինքնորոշման պաշտպանման եւ մեր ազգի իրաւունքներու հետապնդման շուրջ անվիճելի հրամայական է։ բ) Հայաստանը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու միակ ազդու միջոցը Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի պետական, հոգեւոր եւ քաղաքական պատասխանատուներու համախմբումն է, եւ վճռական որոշումներու կայացումը՝ ի խնդիր Հայաստանի փրկութեան։ Նման վճռորոշ քայլի մը ուշացումը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նահանջ, տեղի տալով Ազրպէյճանի հետզհետէ բազմացող պահանջներուն։ Այսօր մենք առանձին ենք. պէտք է վստահինք մեր սեփական ուժին։ Շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները ի նպաստ մեզի չեն։ Հետեւաբար, մեր ազգի ներքին ուժին ու ներուժին համախմբումը մեզի համար պիտի դառնայ հզօր յենարան՝ խոհեմութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւելու Հայաստանին ու Արցախին սպառնացող ահաւոր վտանգները։

 

11.- Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս դարձած է յուսահատ. Արցախի ապագան կը մնայ անորոշ։ Վեհափառ Տէր, ըստ Ձեզի ի՞նչ կարելի է ընել։

11.- Ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները ի նպաստ մեզի չեն։ Հայաստանի բարեկամ նկատուող երկիրները սկսած են ժողովրդային բացատրութեամբ, իրենց գինիին մէջ ջուր խառնել, եւ 44-օրեայ պատերազմէն Թուրքիոյ զօրակցութեամբ յաղթական դուրս ելած Ազրպէյճանը պահանջատէրի դիրքով կը խօսի Հայաստանին հետ։ Այս կացութեան դիմաց, դիտեցէք մեր կեանքը. ներքին բաժանումներ ու փոխադարձ ատելութիւն։ Հայաստանի անվտանգութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը պէտք է նկատուին ամէն բանէ վեր։ Ի՞նչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ։ Զգացական, տեսական, հռետորական, լոզունքային մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնալ։ Նստինք եւ իրատես մօտեցումով որոշենք թէ ինչ կրնանք ընել։ Այլապէս, յուսահատութեան, յուսախաբութեան ու անորոշութեան տակ ընկճուած նահանջի ճամբան պիտի շարունակենք։ Նման կացութեան դիմաց լուռ ու անտարբեր մնալը մեր եկեղեցւոյ, եւ անձնապէս Մեզի համար անընդունելի է։ Մենք մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչող, մեր ժողովուրդին հաւատքը կռանող, հայրենիքի անկախութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան մեր ժողովուրդին յանձնառութիւնը աւելի ամրացնելու կոչումը ու պարտաւորութիւնը ունինք։

 

12.- Վեհափառ Տէր, ի՞նչ պատգամ ունիք մեր ժողովուրդին։

12.- Կʼապրինք դժուար ժամանակներու մէջ։ Ծանր եւ աննախատեսելի տագնապներով շրջապատուած ենք՝ ներ-գաղութային, համասփիւռքեան ու համահայկական։ Պէտք չէ բաւարարուինք միայն կացութիւնը պարզելով, մեր տագնապներուն մասին խօսելով. պէտք է շարժինք տագնապները յաղթահարելու հաւաքական հաւատքով ու տեսլականով։ Բացուող Նոր Տարուան սեմին, կʼաղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ անսասան պահէ մեր ազգը, հզօր՝ Հայաստանն ու Արցախը եւ ամուր՝ մեր ժողովուրդի ներքին միութիւնը, եւ Իր երկնային շնորհներով լեցնէ մեր զաւակներուն կեանքը։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս փոթորիկին մէջ մնացած իր աշակերտներուն ըսաւ՝ «մի վախնաք, հաւատացէք»։ Ազգովին ահաւոր փոթորիկի մէջ կը գտնուինք, լսենք Քրիստոսի ձայնը, լսենք մեր սուրբերուն աղօթքով ու մեր նահատակներուն արիւնով շաղախուած մեր պատմութեան ձայնը՝ մի վախնաք, հաւատացէ՛ք եւ միացէ՛ք ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան։

 

Վեհափառ Տէր, Cilicia TV-ի անունով ջերմ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձերդ Սրբութեան այս սպառիչ հարցազրոյցին համար, նաեւ՝ շնորհակալութիւն, որ ըստ աւանդութեան այս տարի եւս ամբողջ հայ ժողովուրդին փոխանցեցիք Ձեր Հայրապետական պատգամը, որ իր բովանդակութեամբ անկիւնադարձային փաստաթուղթ մըն է եւ կարեւոր նախաբան՝ 2023 տարին սկսելու Սփիւռքի վերակազմակերպչական աշխատանքներու մեկնարկով, անշուշտ մեծապէս օգտուելով Ձեր երկա՜ր տարիներու փորձառութենէն ու իմաստութենէն եւ գործի վերածելով Ձեր Հայրապետական թելադրանքներն ու ուղենշային ցուցմունքները։

 

* Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն հարցազրոյցը ունեցաւ Cilicia TV-ին հետ, 30 Դեկտեմբեր 2022-ին։

More News