Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2022-ին, քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին ու նախավկային՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նշուեցաւ Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին Դպրեվանքի սարակաւագաց դասը։

 

Սրբազան հայրը օրուան իր քարոզին մէջ վեր առնելով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տիպարը, մեկնելով Առաքեալներու Գործերէն եւ հայկական շարականէն՝ յատկանշական եօթը գիծեր պարզեց.- Ս. Ստեփանոս՝ «Շնորհքի մարդը», «Հաւատքի մարդը», «Աղօթքի մարդը», «Ծառայութեան մարդը», «Իմաստութեան մարդը», «Վկայութեան մարդը» եւ «Նահատակութեան մարդը»։ Ապա դիմելով դպրեվանեցիներուն՝ ըսաւ. «Սիրելի՛ սարկաւագ եւ կիսասարկաւագ դպրեվանեցիներ, երբ Ս. Ստեփանոսի ինքնութիւնը կը փորձենք պեղել եւ հրամցնել մեր ժողովուրդին, բարի ակնկալութիւնը ունինք, որ յատկապէս դո՛ւք պիտի ջանաք անոր նկարագրին հետեւողութեամբ աճիլ, զարգանալ եւ պատրաստուիլ մեր ժողովուրդի կեանքի անդաստանին մէջ դառնալու «մշակ առանց ամօթոյ» եւ կեանքով պանծացնել առաջին սարկաւագին յիշատակը»: Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց՝ նշելով, որ այսօր, նահատակութեան նոյն ճանապարհէն կը քալեն մեր քոյրերն ու եղբայրները շրջափակուած Արցախի մէջ, եւ որքա՜ն յուսադրող է Ս. Ստեփանոս նախավկային՝ առաջին մարտիրոսին նուիրուած հայ շարականին վերջաբանը։ «Մենք ալ, անմարմին բազմութիւններու դասերուն եւ հրեղէն լեզուներուն հետ, աղօթանուէր մաղթանքներով կը վերահայցենք եւ կը խնդրենք քեզմէ, մարդասէ՛ր Փրկիչ, խնայէ՛ մեզի, յատկապէս Արցախահայութիւնը, դո՛ւն, որ մեզ ստեղծողն ու աշխարհի կեանքն ես, փա՜ռք քեզի» աղօթքով փակեց քարոզը։

 

Ս. Պատարագի աւարտին, դպրեվանեցիներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած, սարկաւագներուն կողմէ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ սարկաւագաց տօնին առիթով Դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Յանուն Դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն ուղերձ ընթերեց Բարեշնորհ Նշան Սրկ. Անտրեանը։ Ան ըսաւ, թէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին տիպարն ու կեանքը կը ներշնչեն Դպրեվանքի սաները ու կը մարմնաւորեն ծառայութեան նուիրական արժէքը եւ սուրբին օրինակին հետեւելով՝ կ՚ամրապնդենք մեր հաւատքը, պատրաստ՝ դիմագրաւելու ամէն տեսակ մարտահրաւէրներ:

 

Նախասարկաւագին նուիրուած շարականներու երգեցողութեան ու Բարշ. Հրակ Սրկ. Գրտանեանի կողմէ աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեան յաջորդեց Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական պատգամը։

 

Հայրապետը, ինչպէս յաճախ եւ միշտ, իր պատգամին մէջ ընդգծեց ծառայութիւնը եւ յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ անսակարկ ծառայութեան արժէքը։ Ան դիտել տուաւ, որ ճշմարիտ ու իսկական ծառայութիւնը առանց ակնկալութեան ու գնահատանքի եւ առանց որեւէ մէկ սպասում ունենալու ծառայելն է. ա՛յս է իսկական ծառայութեան առանցքը, իմաստը ու նպատակը եւ Քրիստոսի կողմէ մեզի փոխանցուած ծառայելու ուսուցումն ու թելադրութիւնը։ Խօսելով սուրբերուն ունեցած դերակատարութեան մեր կեանքէն ներս՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ սուրբերը կարիքը չունին մեր փառաբանանքին, այլ մենք ենք, որ կարիքը ունինք անոնց կեանքէն, գործէն ու վկայութենէն ճառագայթող արժէքներուն, շնորհքներուն, աղօթքներուն ու բարեխօսութեան։ Արդարեւ, առանձնացնելով Ս. Ստեփանոսը՝ իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց նախասարկաւագին համեստ ու խոնարհ նկարագիրը, որուն շնորհիւ ան կարողացաւ ըլլալ իր ժողովուրդին հետ եւ նոյնացաւ իր ժողովուրդի տագնապներուն։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ բոլորս, սկսեալ Դպրեվանքէն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութենէն, կոչուած ենք այնպիսի՛ ծառաներ դառնալու ու միաժամանակ կազմաւորելու, որոնք կը ծառայեն վեհ ու սրբազան նպատակներու՝ կը կրկնեմ, առանց գնահատանքի ու սպասումի։ Այսօր մեր ժողովուրդը որքա՜ն կարիքը ունի ճշմարիտ ծառայութեամբ ծառայողներու՝ Հայաստանէն ու Արցախէն սկսեալ, մինչեւ Լիբանան, Սուրիա եւ ի Սփիւռքս աշխարհի, յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետը։ Աւարտին Հայրապետը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդին կարիքները այսօր այնքա՜ն բազում են, որ պէտք ունինք այնպիսի ծառաներու, որոնք իրենց կեանքը կ՚արժեւորեն միայն ու միայն համեստ, իրաւ, անկեղծ ու հարազատ ծառայութեամբ։

 

Հայրապետկան պատգամէն ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Դպրեվանքն ու սարկաւագաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

 

Կարեւորութեամբ յայտնենք, որ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբին սրբազան մասունքը (այլ սրբազան մասունքներու կողքին) դուրս բերուեցաւ եւ զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ մօտենալով սրբազան մասունքին՝ ստացան անոր օրհնութիւնը։