21 December, 2022

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան։

 

Նախագահ Յարութիւնեան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Ազրպէյճանի կողմէ բնապահպանական կեղծ պատրուակներով Արցախը մայր Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի շրջափակումով, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտը կանխելու ուղղուած աշխատանքները։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, նախագահին փոխանցեց Արցախի գծով իր կատարած աշխատանքները՝ յատկապէս միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց արցախահայութեան՝ նշելով, որ իր աղօթքներուն մէջ միշտ ներկայ է Արցախը եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ հովանին զօրավիգ ըլլայ Արցախին ու անոր ժողովուրդին։