Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ իմաստասիրական եւ բարոյագիտական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարք:
Յիշեալ դասախօսական շարքը կը ներկայացնէ Նորին Ս. Օծութեան հրաւէրով Գերմանիայէն Մայրավանք ժամանած դոկտոր Սարգիս Քէհեաեան: Դոկտ. Քէհեաեան Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ իմաստասիրական յօդուածներ եւ հեղինակած իմաստասիրական բնոյթ ունեցող երկեր, որոնցմէ մէկը շուրջ տարի մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսած «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹՒԻՆ – Փիլիսոփայական ակնարկ» հատորն է:
31 Հոկտեմբերէն 15 Նոյեմբեր երկարող դասախօսութիւններուն կը մասնակցին Մայրավանքի Հայագիտական Կեդրոնի ուսանողները, վանաբնակ միաբան հայրերը եւ Դպրեվանքի սարկաւագները: Իմաստասիրական բարոյագիտութեան համապարփակ պատկերը բովանդակող դասախօսական շարքին նիւթերն են.-
— Ներածութիւն փիլիսոփայութեան
— Ներածութիւն բարոյագիտութեան
— Պարտագիտական բարոյագիտութիւն (Deontological Ethics)
— Նպատակաբանական բարոյագիտութիւն (Teleological Ethics)
— Առաքինութեան բարոյագիտութիւն (Virtue Ethics)
— Զգացումի բարոյագիտութիւն (Moral Sense Ethics)
— Քննախօսութեան բարոյագիտութիւն (Discourse Ethics)
— Բարոյագիտութեան քննադատութիւն (Critique of Ethics)