Ազգային Ընդհանուր Ժողովը իր եռօրեայ աշխատանքներուն երկրորդ օրը, յետ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու զեկուցման եւ քննարկման, տրամադրեց Սփիւռքի վերակազմաւորման առնչուած հրատապ թեմաներու։ Այս գծով արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ընտանիք, հայակերտում, երիտասարդութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին կատարուեցան լայն քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ուղեգիծ պիտի ըլլան 2023 տարուան Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրին, ինչպէս նաեւ որդեգրուին նորընտիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ գործունէութեան մէջ։
Առ այդ, Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Տէրունական աղօքէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ շարունակուեցաւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին։
Ա. Նիստ՝ «Հայ Ընտանիքը՝ Առանցքը Հայու Գոյութեան»
Դիւանը բեմ հրաւիրեց Ա. նիստի զեկուզաբերները՝ Թեհրանի թեմէն Արմինէ Սայիթխանեանը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն Պերճ Աբգարեանը՝ հակիրճ կերպով ներկայացնելու համար ընտանիք թեմայով իրենց զեկոյցը։
Սայիթխանեան մեկնեցաւ աստուածաշնչային ընտանիք հասկացողութենէն՝ հասնելով ընտանիքներու ներկայ իրավիճակին։ Ան լուսարձակի տակ առաւ ծնողներու դերակատարութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ՝ ներկայ մարտահրաւէրներու ներքոյ, եւ դիտել տուաւ, որ, հակառակ դարուս ընծայած փոփոխութիւններուն, սէրն ու գուրգուրանքը կը մնան հիմքը ընտանիքին՝ ընդգծելով, որ մարդը ընտրութիւն ընելու իրաւունք ունի, սակայն այդ պէտք է հիմնուած ըլլայ Աստուծոյ պատուիրաններուն վրայ։ Իսկ Աբգարեան իր զեկոյցին մէջ մէջբերեց 2004 թուականին «Ընտանիքի Տարի» Հայրապետական հռչակագիրին մէջ Նորին Ս. Օծութեան հայ ընտանիքը փոքր եկեղեցի ըլլալու հաստատումը, ու հոնկէ ելլելով նշեց, որ հայ ընտանիքը հայ ինքնութեան առանցքն է։ Անդրադառնալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութներու իրավիճակին, Աբգարեան խօսեցաւ ձուլման ցուցաբերած վտանգին մասին՝ մանաւանդ երբ կը գտնուինք ինքնութեան երկուութեան դիմաց՝ ազգութիւն եւ քաղաքացիութիւն, աւելի հա՞յ՝ թէ այդ երկրի քաղաքացի, հայութեա՞ն հարցերով աւելի յուզուած՝ թէ այդ երկրի հարցերով զբաղած։ Ան նաեւ ըսաւ, որ թէեւ Միացեալ Նահանգներ ծնած մանաւանդ 4-րդ սերունդը դժուարութիւն ունի հայերէնով արտայայտուելու, սակայն ջանք կը թափէ պահպանելու հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։ Վերոնշեալներու գծով զեկուցաբերը ներկայացուց չորս գործնական առաջարկներ.- ա) առանց ազգութիւնն ու քաղաքացիութիւնը իրարմէ գերադասելու, հաւասարակշռուած կերպով հպարտ հայ եւ տիպար քաղաքացիի դաստիարակութիւն ջամբել, բ) հայապահպանման արժէքները փոխանցել, գ) զաւակները հայկական հաստատութիւններու մէջ ծառայելու մղել եւ դ) եկեղեցին մնայուն ներկայութիւն դարձնել զաւակին կեանքին մէջ՝ յիշեցնելով եւ շեշտելով եկեղեցւոյ դերը հայ ազգին պատմական եւ արդի կեանքին մէջ։ Այս վերջին կէտին առնչութեամբ Աբգարեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր թեմերուն մէջ երիտասարդ հոգեւորական առաքելը թափ տուած է երիտասարդին՝ եկեղեցւոյ հետ կապ հաստատելուն։
Քննարկման նիստով ժողովականները բարձրացուցին հետեւեալ խնդիրները՝ ուսումնասիրութիւններու յստակ պատկերներ ունենալ հայ ընտանիքի ներկայ իրավիճակի մասին (խառն ամուսնութիւն կնքած, ամուսնալուծուած, զաւակներու թիւ, հայկական վարժարան արձանագրած, մշակութային հաստատութիւններու անդամ եւ այլն), աւանդական սովորութիւնները ապրիլ ու ապրեցնել, քրիստոնէական շունչով դաստիարակութիւն ջամբել (եկեղեցի, կիրակնօրեայ վարժարան), ամուսնական խորհրդատուական գրասենեակներ հիմնել, ծնողներուն կողմէ հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը չվերցնել եւ այլն…։ Քննարկելով ներկայ աշխարհին իրավիճակը, ժողովականները ընդգծեցին նաեւ սեռային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ եկեղեցւոյ կողմէ կեցուածք մը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, անզաւակ կամ միազաւակ ընտանիքներու թիւի աճը եւ նկատել տուին, որ այլեւս կարելի չէ խառն ամուսնութիւնները տեսնել անպայմանօրէն բացասական պրիսմակէ, այլ պէտք է զայն նկատել որպէս օտարը հայացնելու առիթ՝ առանց զիջելու հայ-հայ ամուսնութիւն կնքելու առաւելութիւնները հայապահպանման համար, ինչպէս նաեւ արծարծեցին հայեցի դաստիարակութիւնը ամբողջութեամբ ծնողներու պարտականութիւն չհամարելու մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծնողք անպայմանօրէն հայագիտական, կրօնական, մշակոյթի մասնագէտ չի կրնար ըլլալ, եւ հոս կու գան դպրոց-եկեղեցի-մշակութային միութիւններու առաքելութիւնը։
Եզրափակելով նիստը՝ Հայրապետը ըսաւ, որ հարկ է իրապաշտ մօտեցում ունենալ, խուսափիլ ծայրայեղութիւններէ եւ հայ ընտանիքը դիտել ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհի շրջագիծէն ներս. կարելի չէ արժէքներ պարտադրել, ոչ ալ կարելի է հեռանալ մեր սկզբունքներէն։ Այս գծով Նորին Ս. Օծութիւնը նշեց եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը, ի մասնաւորի հոգեւորականին ճամբով, եւ ընդգծեց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու առաջնակարգ դերը՝ ծիսական ու վարչական պարտականութիւններէ անդին. մեր եկեղեցին, իր հոգեւորականներուն ճամբով, ըսելիք ու ընելիք ունի անպայմանօրէն։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը եկեղեցւոյ վերակազմակերպումէն կը սկսի, ընդգծեց ան։
Բ. Նիստ՝ «Հայակերտում՝ Երաշխիքը Հայու Ինքնութեան»
Համբիկ Գարայեան (Գանատայի թեմ) եւ Վիգէն Աւագեան (Լիբանանի թեմ) ներկայացուցին հայակերտման առնչուած իրենց զեկոյցները։
Գարայեան ընդգծեց հայ ընտանիքին խիստ կարեւորութիւնը հայապահպանման աշխատանքին մէջ եւ ապա նկատել տուաւ, որ հայ եկեղեցին, իբրեւ բաղադրիչ հայապահպանման, փոխարինած է պետութիւնը, ունի ազգային դիմագիծ եւ սերտօրէն առնչուած է հայ կեանքին՝ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով ընկերաքաղաքական զարգացման մէջ։ Զեկուցաբերը խօսեցաւ նաեւ Արեւմտահայերէն լեզուին վտանգուած ըլլալուն մասին, որուն օրակարգը կը մնայ հրատապ, մանաւանդ երբ կը խօսինք հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին Արեւմտահայերէնով։ Նոյն ծիրին մէջ ան յայտնեց հայկական վարժարաններու մէջ ազգային բարոյագիտական եւ կրօնական նիւթերու դասաւանդման անհրաժեշտութեան մասին՝ մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած։ Գարայեան նաեւ ըսաւ, որ պէտք է հասկնալ նոր սերունդին արհեստագիտութեան նորութիւնները գործածելուն կերպերը, որպէսզի այդ տարածքէն կարելի ըլլայ հասնիլ անոնց. այդ մէկը առիթ կը հանդիսանայ, որ երէցները գտնուին այն առցանց հարթակներու վրայ (ընկերային ցանցեր, կայքեր, բջիջային ծրագիրներ եւ այլն…), ուր ներկայ է նոր սերունդը ու հայանպաստ ծրագիրներ հրամցնեն անոր։ Աւարտին, ան նշեց, որ Սփիւռքի հանգրուաններուն առաջինը մեկուսացումն է, երկրորդը համարկումն է, իսկ երրորդը՝ ձուլումը, ուստի ճիգ պէտք է թափել, որ կարելի եղած չափով երրորդ հանգրուանը չ՚իրականանայ ամբողջովին։ Ան իր զեկոյցը փակեց առաջարկով պահել դասականը, սակայն օգտագործել արհեստագիտութիւնը եւ արդիական կերպերը հայակերտման աշխատանքի մեթոտաբանութեան մէջ։
Վիգէն Աւագեան իր զեկոյցին մէջ ընդգծեց, որ հայակերտումը վերջին յիսուն տարուան ընթացքին միշտ հիմնական օրակարգ եղած է Սփիւռքի մէջ եւ այդ պատճառով ալ դպրոց-միութիւն-եկեղեցի-ակումբ-մամուլ ծնունդ են հայակերտման անհրաժեշտութեան ու կը ծառայեն ատոր։ Հայրենիքէն դուրս ծնած ըլլալու իրողութիւնը ստիպած է հայութիւնը, որ ինքնակազմակերպուի եւ ստեղծէ իր գոյութեան կռուանները, բայց եւ այնպէս, այնքան ալ պարզ հասկացողութիւն չէ հայակերտումը. ան իր մէջ կը պարփակէ հող, լեզու, ընտանիք, կրօնք, մշակոյթ, ազգային գաղափարախօսութիւն։ Աւագեան շարունակեց՝ նշելով, որ հայու ինքնութիւնը մեզմէ դուրս պահանջք է այսօր, այսինքն՝ ներկայիս կը գտնուինք օտարին մեր ինքնութիւնը ծանօթացնելու պարտաւորութեան դիմաց, միաժամանակ մենք զմեզ հարց տալով, թէ ո՞վ ենք մենք եւ ի՞նչ պէտք է ընենք հայ մնալու համար։ Սա դէպի դուրս ու դէպի ներս յարատեւ ընթացք մըն է ինքնութեան։ Նկատի ունենալով Սփիւռքի բազմաշերտութիւնը, զեկուցաբերը յայտնեց, որ հայ ըլլալու մէկ ձեւ չկայ, սակայն կայ մէկ նախապայման՝ մա՛րդ ըլլալ։ Բացի միջավայրի ազդեցութենէն, հայը ունի նաեւ իր կեանքին մէջ հայրենիքը, որ կը կազմաւորէ անհատական ինքնութիւնը, սակայն կը հասնի հաւաքական ինքնութեան, որ կը կերտուի ժամանակի ընթացքին։ Ան ըսաւ, որ այսօրուան պայմանները մեզի ի նպաստ չեն եւ ինքնութեան կազմաւորման համար տիպարներ կը փնտռուին. այս պայմաններուն մէջ դպրոցը կը դադրի սոսկ ուսումնարան մը ըլլալէ ու կը դառնայ հայակերտման մթնոլորտ ապահովող վայր։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Աւագեան ըսաւ, որ հայակերտման համար կոչուած ենք, համազգային ճիգով, յստակ ուղեցոյցով, ազդու եւ նորարար ձեւերով, աշխատանքի մղուելու։
Այս թեմային քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ մշակոյթի ինքնութեան, ընդգծուեցաւ մեր մշակոյթով միւս ազգերէն տարբեր ըլլալու միւս հանգամանքը եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ հայակերտման գործընթացքին մէջ մշակոյթին կարեւորութիւնը շեշտելու հրամայականը։ Այս շեշտադրումը, սակայն, ներկայ կրթական մարզին մէջ տեղ չի գրաւեր, դժբախտաբար։ Ժողովականները նաեւ քննարկեցին Սփիւռքի պայմաններուն մէջ պետութեան մը պարտականութիւնը կատարելու փորձերուն, համաճարակի պատճառով ապրած խզումներուն եւ դէպի հաւաքականութիւն վերադառնալու դժուարութիւններուն, քաղաքացիական հարցերուն մէջ մխրճուած ըլլալով հայ ինքնութեան խնդիրներէն հեռանալուն, անտեսանելի Սփիւռքի գոյութեան (իսլամացած հայեր օրինակ), Հայաստանի երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդմէջէն քաղաքացիական ինքնութեան թափ տալուն եւ երկքաղաքացիութեան ներկայ օրէնքներուն ցուցաբերած հարցերուն, Սփիւռքի մէջ մեր ծրագիրները թերագնահատելու եւ մեր գործերը անտեսելու, հայկական վարժարանի կողքին մշակութային միութիւններուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութեան եւ այլ նիւթերու մասին։
Աւարտին, Հայրապետը դիտել տուաւ, որ կ՚ապրինք անցանկապատ, բազմակրօն ու բազմամշակոյթ, բազմացեղ ընկերութիւններու մէջ եւ համացանցի ճամբով կը հասնինք ամենուրէք։ Հետեւաբար, այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել հայակերտումը, որ առնչուած է ինքնութեան, իսկ ինքնութեան կազմաւորումը կը կարօտի ինքնաճանաչման։ Հարկ է զգոյշ ըլլալ հաւաքական (կլոպալ) ինքնութիւն եւ հայու ինքնութիւն հասկացողութեան սխալ կիրառումէն. անոնց միջեւ կարեւոր է փոխ կապակցութեան գոյութիւնը, սակայն մէկը միւսը չի փոխարիներ, որովհետեւ չենք կրնար կլոպալ հայ ըլլալ՝ հեռու մեր ազգային ինքնութենէն, ինչպէս նաեւ չենք կրնար համահունչ չըլլալ ներկայ աշխարհին հետ։ Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետ անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու ու հայ մնալու եւ ամէնօրեայ պայքար ըլլալու իրողութիւնը։
Գ. Նիստ՝ «Երիտասարդութիւնը՝ Աւիշը Հհայ Կեանքին»
Այս նիստի զեկուցաբերները հրաւիրուած էին Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողական Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)՝ Կալի Աւագեանը եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն (Զ.Ո.Մ.)՝ Ժաք Քէչէճեանը։
Անոնք ներկայացուցին հայ երիտասարդը յուզող հարցերը եւ անոնց հայկական կառոյցներէն հեռանալուն դրդապատճառները։ Երկու երիտասարդ ուսանողները իրենց զեկոյցներուն մէջ մէջբերելով Վեհափառ Հայրապետին «երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ, այլ՝ մեր ներկան» խօսքը՝ անդրադարձան հոգեբանական, ընկերատնտեսական, ազգային եւ կառուցային հարցերու, որոնք հայ երիտասարդը հեռու կը պահեն համայնքային կեանքէն։ Կ. Աւագեան ըսաւ, որ հայ կեանքի ներկայ իրավիճակը յուսախաբութեան տարած է երիտասարդը, որ հարց կու տայ, թէ իր ազգային գործը ի՞նչ բանի կը ծառայէ, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ երիտասարդը ինքզինք չի գտներ իր ձայնը լսող եւ կարծիքները արժեւորող մարդոցմով շրջապատուած։ Միւս կողմէ, Քէչէճեան յիշեցուց, թէ անցեալին յեղափոխական եւ ազգային ազատագրական շարժումի ղեկավարները երիտասարդներ էին, որոնք ծանր եւ դժուար պայմաններու մէջ եղած են մղիչ եւ որոշիչ ոյժ, իսկ ներկայիս երիտասարդութիւնը չի գտնուիր հայկական հանրային ու կազմակերպական կեանքին ղեկավար մակարդակներու վրայ։
Քննարկման ընթացքին երիտասարդ պատգամաւորներ եւս խօսեցան կառոյցներու մէջ իրենց փորձառութիւններու մասին։ Ժողովականներու արտայայտութիւնները երբեմն համակարծիք եւ յաճախ ալ հակակարծիք էին երիտասարդութեան հայկական կառոյցներու մասնակցութեան ուղղութեամբ։ Ոմանք արտայայտուեցան, թէ ճիշդ չէ ըսելը, թէ երիտասարդութիւնը բոլորովին հեռու է մեր կառոյցներէն եւ կրաւորական դիրք է բռնած, իսկ ուրիշներ թուեցին այն մարզերը, ուր երիտասարդութեան ներկայութիւնը գերակայ է մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Այլ պատգամաւորներ դիտել տուին, երէցները չեն որ երիտասարդներուն տեղ կամ գործ պիտի տան, այլ երիտասարդները հարցերը ու մարտահրաւէրները իրենց ձեռքուն մէջ առնելով, իրենց երիտասարդական բնական ըմբոստութեամբ ու հմտութեամբ, տեղ պիտի ունենան մեր հաւաքական, համայնքային, ազգային ու եկեղեցական կեանքին մէջ։ Ժողովականները նաեւ ընդգծեցին, որ յանձնառու երիտասարդը չի կրնար մեր կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ։ Սերունդներուն պայքարը բնական է այնքան ատեն, որ այդ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ, իսկ ապառողջ կ՚ըլլար սերունդը, եթէ պայքարի ոգին չունենար։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ անհատական զարգացման ընդդէմ հաստատութիւններու զարգացման, վստահելի տիպարներու կարիքին, հաւաքականութեան գաղափարի զարգացումին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան երիտասարդ միաբաններու թիւի աճին եւ երիտասարդացած առաքելութեան մասին։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Հայրապետը ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն հարկ է մօտենալ դրական եւ լաւատես մօտեցումներով ու ճիշդ ախտաճանաչում կատարելով։ Երիտասարդութիւնը միայն տարիքային հանգրուան մը չէ, այլ գործելակերպի, մտածելակերպի, կենցաղակերպի ու հարցերու մօտեցման կերպ է, ինչպէս նաեւ կաղապարուած մտածումներէ դուրս գալ է։ Ան ընդգծեց, որ հարկ է երկխօսութիւն հաստատել հինին եւ նորին միջեւ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս երիտասարդները սորվելիք ունին երէցներէն, երէցներն ալ սորվելիք ունին երիտասարդներէն եւ այս կ՚իրականանայ փոխադարձ վստահութեամբ ու հասկացողութեամբ։ Հայրապետը նշեց, որ անցեալի երիտասարդութեան կազմաւորման հիմնական առանցքը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականն էր, իսկ ներկայիս Հայ Դատը այլ հանգրուան մը թեւակոխած է. հարկ է մտածել նաեւ այս ուղղութեամբ։ Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ առցանց համայնք (Cyber Community) յառաջացնելու հրամայական կարեւորութիւնը՝ երիտասարդներ մարդուժը համախմբելու հեռանկարով ու տեսլականով։
Դ. Նիստ՝ «Սփիւռքը՝ Մասնակից Հայաստանի Ու Արցախի Հզօրացման»
Օրուան վերջին նիստով հանդէս եկան Լիբանանի թեմէն երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Թեհրանի թեմէն Նոէլ Մինասեան։
Բագրատունի իր զեկոյցին մէջ ըսաւ, որ մեր հայրենիքը եղած է միշտ մասնատուած, այլոց տիրապետութեան տակ, բայց ասով հանդերձ շարունակած ենք ապրիլ՝ թէկուզ կոտորուած, սփիւռքացած, բռնի թէ կամաւոր կրօնափոխուած. կարծես ճակատագրուած ենք իբրեւ ազգ ապրելու ամէն տեղ ու միանալու՝ ահազանգին։ Նորանկախ Հայաստանի եւ ազատագրուած Արցախի գոյատեւման գործընթացին, սփիւռքահայը ունեցաւ իր բարոյական, նիւթական, ընկերային եւ այլ ներդրումներ։ Ինչպէ՞ս կը դիտուի Սփիւռքը այսօր՝ որպէս մասնակից Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման գործընթացին մէջ, մանաւանդ Խորհրդային Միութեան օրերէն մինչեւ այսօրուան մեր պայմաններուն լոյսին տակ։ Բագրատունի ապա դիտել տուաւ, որ Սփիւռքը, իր գաղութներով, մնայուն է՝ յանուն Հայաստանի ու Արցախի, եւ անկարելի է զայն քանդել։ Հայրենիքը մեր բոլորին հայրենիքն է՝ անկախ վարչակարգէն ու իշխանութենէն, իսկ Սփիւռքը հայերենիքը հզօրացնող ազդակ է՝ ո՛չ միայն օժանդակութիւն մատակարարող եւ անկարծիք հաւաքականութիւն։ Սփիւռքը ինքզինք չի կրնար մեկուսացնել հայրենիքի հարցերէն, մանաւանդ, որ ան Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը կենդանի պահելու հիմնական դերակատարութիւն ունի։ Սփիւռք-Հայաստան հակասութիւններ ստեղծել ու հրահրել վնասակար են երկուստեք, կը ծառայեն թշնամիին եւ վերջնականապէս կը թաղեն Հայ Դատն ու ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի գաղափարը։ Բագրատունի նաեւ դիտել տուաւ, որ հարկ է գաղութները զօրացնեն իրենք զիրենք եւ այդ ինքնանպատակ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ ուժեղ Սփիւռքը կը զօրակցի հայրենիքին։ Ան ընդգծեց, որ այս բոլորը նկատի ունենալով, հարկ է վերահաստատել ինքնավստահութիւնը Սփիւռքի մէջ, դադարեցնել չափազանց ինքնախարազանումը, կասեցնել յանձնուողական տրամադրութիւնները, միացնել ճիգերը՝ ամուր պահելու համար Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկային ու ապագային համար համահայկական մաշտապով արդար բնոյթով քննարկումներ ծաւալել։
Նոէլ Մինասեան իր զեկոյցին մէջ ըսաւ, որ աւելի քան երեք տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայուն ազգային ու հասարակական կեանքը կենսունակ դարձած է յաղթանակի ու հզօր պետութիւններու գաղափարով, սակայն միջազգային ասպարէզին մէջ աշխարհաքաղաքական նոր իրադարձութիւններու առջեւ կանգնած ըլլալով, ականատես ենք բռնի ոյժի համատարած կիրառման, հողային ամբողջականութեան եւ երկրի ինքնիշխանութեան անտեսման։ Մինասեան յայտնեց, որ 2018 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրեցաւ իշխանափոխութիւն, որմէ ետք, 2020-ին՝ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով՝ ողբերգական զարգացումներ, որոնք փլեցին Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան սիւները։ Հայերը իրենք զիրենք գտան փանթուրքական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան դիմաց։ Միւս կողմէ, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը տկարացուց հայութեան դիմադրութեան ոգին։ Ապա ան անդրադարձաւ առկայ մարտահրաւէրներէն կարեւորագոյններուն.- ա) պառակտուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիսանութիւն եւ այս միասնութիւնը վերականգնող պետական ու քաղաքական կամքի ու ցանկութեան բացակայութիւն, բ) Սփիւռքի ազգային կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու փոխարինում անհատներու հետ յարաբերութեամբ, գ) Սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութեանց լուծում, որոնք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ամրապնդող ու սփիւռքահայուն հայկական դիմագիծը պահպանող առանցքային գործօններէն էին, դ) անվստահութեան մթնոլորտ՝ համահայկական կառոյցներուն հանդէպ, ե) Հայաստանի մէջ մշակոյթի, ազգային արժէքներու ու հայկական դիմագիծի աղաւաղում, զ) սփիւռքահայուն մօտ յուսալքում, ազգային արժէքներու թերագնահատում եւ համահայկական իտէալներու նկատմամբ անտարբերութիւն, է) Հայաստանի եւ Սփիւռքի երբեմնի հայաշատ եւ հզօր գաղութներու բացասական փոփոխութիւն եւ ը) Միջին Արեւելքի մնայուն պատերազմական վիճակ։
Այս գծով ան ընդգծեց, որ հայութեան հզօրացման ու միասնականութեան նախապայմանը պետականամէտ մտածողութիւնն է, իսկ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի պետականութեան երաշխիքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Մինասեան աւելցուց, որ հայկական եռամիասնութեան վերամիաւորման նախապայմանը հայկական օրակարգի ձեւաւորումն ու համազգային նպատակի շուրջ համախմբումն է, որովհետւ եռամիասնութիւնը հայութեան հաւաքական ներուժի հզօրացման աղբիւրն է։ Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն ոչնչացումն է եւ այս իրականացնելու համար թշնամին շատ լաւ կը գիտակցի Սփիւռքի կարեւորութեան եւ մշտապէս կը թիրախաւորէ զայն։ Վերջապէս, ան առաջարկեց, որ չէզոքացնելու համար թշնամին պէտք է համապատասխան կերպով աշխատանք տանիլ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան պառակտիչ քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի եւ համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ վերականգնի Սփիւռքի ներկայութիւնը։
Քննարկումի ընթացքին ժողովականները աւելցուցին, որ Հայաստանի հզօրացման ներդրումի աշխատանքներու գծով ներկայիս մոռացութեան ենթարկուած է Համահայկական հռչակագիրը, գոյութիւն ունի երկքաղաքացիութեան օրէնքի սահմանափակում, կայ Հայաստանի բաժանարար գիծերը Սփիւռք տեղափոխելու վտանգ, երբ կը գտնուինք նոր փաստաթուղթերու ստորագրութիւններու սեմին։ Ժողովականները առաջարկեցին շեշտը դնել պահանջատիրութեան եւ Արցախի ճանաչաման գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ կոտրել Սփիւռքը որպէս անտէր հաւաքականութիւն ներկայացնելու փորձերը։ Առաջարկուեցաւ, որ երկխօսութեան ճամբաները բաց մնան եւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացին մէջ Սփիւռքը ներկայութիւն ըլլայ՝ միաժամանակ զօրաշարժի ենթարկուելով։ Ժողովականները կարեւորեցին նաեւ Ազգային Ժողովին մէջ Սփիւռքին ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը։
Աւարտին, Հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ բնականաբար յուզումնախառն զգացական արտայայտութիւններ հնչեցին ժողովի ընթացքին եւ հարկ է հայեցակէտի յստակացում կատարել։ Նորին Ս. Օծութիւնը դիտել տուաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան հասկացողութեան նրբութիւնները՝ նշելով, որ յիշեալ յարաբերութիւնը ունեցաւ վերիվայրումներ։ Ազատ, անկախ Հայաստանի իրականացումը դաշտ բացաւ յարաբերութեան մը՝ հիմնուած օժանդակութիւններով, որմէ ետք ունեցանք այլ գործելադաշտ (օրինակ համահայկական հռչակագիր), ուր մանաւանդ Հայ Դատի մարմինը ունեցաւ իր ներդրումը։ Հայրապետը ապա նշեց երեք հիմնական մարտահրաւէրներ.- ա) Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը գոյութիւն չունի եւ Հայաստանը ունի քաղաքական տարբեր մօտեցում, բ) Հայաստանի մէջ բեւեռացումներ գոյութիւն ունին, որոնք մերթ ընդ մերթ կը թափանցեն Սփիւռքի մէջ՝ ազդելով ներգաղութային եւ միջգաղութային յարաբերութիւններուն վրայ, գ) Հայաստանի մօտեցումը Սփիւռքի նկատմամբ անընդունելի եւ վտանգաւոր է։ Ապա, առկայ հարցերու լուծման առաջարկներու գծով Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, որ հարկ է յստակ տարբերութիւն դնել պետութեան եւ իշխանութեան միջեւ, ի միտի ունենալով, որ Հայաստանն է մնայունը եւ մեր մօտեցումները պայմանաւորելով իշխանութիւններով, կը վնասէ հայրենիքը։ Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյն չափով համախմբուիլ Հայաստանին ու հայութեան շուրջ՝ հզօրացնելու համար մեր հայրենիքը եւ մեր ազգը։
Ազգային Ընդհանուր Ժողովը իր երրորդ օրուան նիստերը պիտի գումարէ 9 Դեկտեմբեր 2022-ին։