Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հարաւային Ֆրանսայի նահանգի նախագահ Ռընօ Միւսէլիէ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորելով տասը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան եւ թղթակիցներու:
Հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայաստանն ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա իւրայատուկ յարաբերութեան: Այս ծիրէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցութեան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի նկատմամբ՝ այն սպասումով, որ այդ զօրակցութիւնը ըլլայ աւելի ամուր ու գործնական, մանաւանդ ահաւոր դժուարութիւններ ունեցող երկու երկիրներու գծով: Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Ռընօ Միւսէլիէին, Մարսէյի ճեմարանին իր կատարած նիւթական օժանդակութեան առիթով եւ մաղթեց, որ այդ օժանդակութիւնը ըլլայ շարունակական: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնն ու վերածնունդը մարմնացնող յուշարձան: