ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28-29 Սեպտեմբեր 2022-ին, յանուն Կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը բաղկանար՝ սկզբնաւորութիւնը, բաժանմունքները (յաջորդաբար նկարագրելով գիրին ու գիրքին աղերսուած մշակութային գլխաւոր հաստատութիւնները), արդիւնքները, հրատարակչական հիմնադրամները եւ մեր կատարելիքները: Սրբազան հայրը յիշեցուց, որ թեմերը եւս իրենց հրատարակչական աշխատանքները կ’իրականացնեն Կաթողիկոսարանի առաքելութեան նո՛յն ոգիով: Զեկոյցը եզրափակելով՝ ան հարց տուաւ. «Ներկայ գիտաժողովի արդիւնքներով պիտի հասնի՞նք ընդհանուր պատկերացումով համապարփակ ծրագիրի մը, որով թէ՛ պահպանութիւնը մեր հոգեւոր-մշակութային հարստութեանց եւ թէ անոնց տարածումը (բոլորին դիւրութեամբ հասանելի ընելը), իրականութեան վերածուի» եւ փակեց՝ «յոյսով կը շարունակենք հաւատալ»:

 

Յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին եւ Հ.Հ. Ազգային Գրադարանին միջեւ փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան Յուշագիրի կնքումէն ետք (2021), աշխոյժ յարաբերութիւններ կը շարունակուին եւ Ազգային Գրադարանը կը համալրուի Կաթողիկոսարանի տպագրած գիրքերով:

 

Սոյն գիտաժողովին մասնակցող օտարերկրացի ռուսախօս ներկայացուցիչներուն տրամադրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» անգլերէն գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը: