ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ՝ ՁԵՌԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Աւագ շաբաթը լի է Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանը յիշատակող հոգեպարար արարողութիւններով, որոնք հաւատացեալին անգամ մը եւս ապրիլ կու տան Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը, մարդկութեան փրկութեան համար կրած չարչարանքները, խաչելութիւնը, թաղումը՝ հասնելու համար հրաշափառ Յարութեան։

Աւագ Հինգշաբթին իւրայատուկ է, որովհետեւ հոն կը տեսնենք Քրիստոսի ծունկի գալով առաքեալներուն ոտքերը լուալը՝ զանոնք թելադրելով ընելու նոյնը ապագային։ Առ այդ, 28 Մարտ 2024-ի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Կարգ Ոտնլուային հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ կատարեց ջուրի եւ իւղի օրհնութիւն եւ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին՝ ղենջակ կապած ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող 12 միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու ոտքերը։

Հուսկ, Հայրապետը հաւատացեալներուն յղեց իր Հայրապետական պատգամը, որ առանցք ունէր սաղմոսներուն եւ աղօթքներուն մէջ հնչած Աստուածային սէրը։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ աշակերտներուն ոտքերը լուալու արարքը, այլ խօսքով՝ Քրիստոսի, որպէս Աստուած, մարդու առջեւ խոնարհիլը, պերճախօս վկայութիւն է մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ անհուն սիրոյն։ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը արտացոլացումն է Աստուծոյ սիրոյն եւ այդ սէրը մեր եկեղեցւոյ ծէսերուն մէջ առանցքային ներկայութիւն է, որովհետեւ սէրը քրիստոնէութեան էութիւնը կը կազմէ, նշեց ան։ Խօսելով սիրոյ տարբեր կերպերուն մասին՝ Հայրապետը ընդգծեց Աստուածային սիրոյն խորին ըմբռնումը, որ իր մէջ կը պարփակէ նոյնի՛սկ տառապանք եւ զոհաբերութիւն. Աստուծոյ սէրը զինք մղեց Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելու՝ ի սէր մարդոց փրկութեան։ Ուստի, Հայրապետը յորդորեց հաւատացեալներուն վերադառնալու սիրոյ քրիստոնէական հասկացողութեան, սիրելու զիրար, սիրելու մեր նմանը, մեր ազգին զաւակները, ու այդ սէրը գործի վերածելով՝ ծառայելու ազգին ու բարիին. «այսօր Քրիստոս, Իր եկեղեցւոյ ճամբով, կու գայ յիշեցնելու մեր ազգի զաւակներուն, մեր պետական մարդոց, մեր քաղաքական, կուսակցական մարդոց, մեր մտաւորականներուն, բոլորի՛ն, ըսելով՝ սիրեցէ՛ք զիրար, հեռո՛ւ մնացէք ամէն տեսակ ատելութենէ, վատառողջ քննադատութիւններէ, ներքին բեւեռացումներէ։ Քրիսոտսի սիրոյ ներկայութիւնը ձեր կեանքին մէջ ապրեցէք ու ձեր կեանքով թարգմանեցէք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը» յատկապէս շեշտելով՝ եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Հայրապետը։

Արարողութեան աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հաւատացեալները, մեր եկեղեցին եւ մեր ազգը։