27 January, 2024

ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց համերաշխութեան եւ կրթութեան նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ-Նահեան ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան, թեմի ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, ազգային բարերար Արա Խանոյեան, թեմի բարերար Վահէ Թուխմանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքին միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։ Յատկանշական է յիշել, որ ճաշկերոյթին միացան նաեւ Իրաքի նախկին նախագահ Պարհամ Սալէհ, զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։

 

Նախարար Նահեան ջերմ սիրով ընդունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը։ Նշենք, որ նախարարը ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին 2016 թուականէն ի վեր։ Հայրապետն ու նախարարը միասնաբար բացումը կատարած են Ազգային Առաջնորդարանին եւ Խանոյեան միօրեայ վարժարանին։ Ճաշկերոյթէն ետք, Նորին Սրբութիւնը յիշեց իր եւ նախարարին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը, անոր զօրակցութիւնը առաջնորդ սրբազան հօր եւ Էմիրութեանց հայ համայնքին։ Հայրապետը նաեւ յիշեց իր եւ նախարարին մասնակցութիւնը Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած համակեցութեան միջազգային համագումարին, ուր Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատած էր նախարար Նահեանի աշխատանքը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ։ Յիշելով այս դէպքը, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Շէյխ Նահեան նոյն նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, որ հայ համայնքը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ միշտ եղած է զօրավիգ կրօններու ու մշակոյթներու համակեցութեան։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին։