Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն առանց կորսնցելու փրկութեան մեր հաւատքը ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին։ Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան մատուցեց 1915-ի սրբարդասեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին, Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց տեղի ունեցաւ Բարեխօսական Կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում։
Յայտնենք, որ Ս. Պատարագին եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, լիբանանահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, մարմիններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական եւ հայրական ողջոյնը փոխանցեց շրջափակը հաւաքուած հայորդիներուն, որոնց շարքին էին լիբանանահայ սկաուտական կազմերն եւ շեփորախումբերը։