ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն առանց կորսնցելու փրկութեան մեր հաւատքը ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին։ Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…

«ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՍՈՍԿ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՕՐ ՉԷ, ԱՅԼ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔԸ ԱՌԱՒԵԼ ԱՄՐԱՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման առիթով։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով հայորդիներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։…