10 February, 2024

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԷՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է այն մտածումներուն, զորս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր պատգամի ընթացքին՝ Վարդանանց տօնին առիթով արտասանուած Վեհարանի դահլիճին մէջ, 8 Փետրուար 2024-ին:

 

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐՈՒՆ

 

Ազգ մը կը կորսնցնէ իր ինքնաճանաչումը, երբ չունի իր կեանքին իւրայատուկ դիմագիծ եւ գերագոյն տուող խորհրդանիշեր:

 

Ազգ մը կʼանհետանայ պատմութեան գիշերին մէջ, երբ իր դիմաց չունի իր կեանքի ճամբան լուսաւորող խորհրդանիշեր:

 

Ազգ մը կը մաշի, երբ իր կեանքին մէջ չունի իր արժէքները մարմնացնող խորհրդանիշեր:

 

Ազգ մը կը թաղուի պատմութեան փոշիին տակ, երբ հաւատարիմ չէ պատմութեան թատերաբեմին վրայ զինք կանգուն պահող իր խորհրդանիշերուն:

 

Երկար դարերու մէջ արմատ նետած վկայութիւններ ու ճշմարտութիւններ են  այս խորիմաստ հաստատումները:

 

*
*  *

 

 

Խորհրդանիշերը ազգի մը ինքնութիւնը կը կազմաւորեն եւ անոր գոյութեան հիմքերը կʼամրացնեն:

 

Խորհրդանիշերը ազգ մը վեր կը պահեն ժամանակի ընկլուզող հոսանքներէն, ու զայն կը վերածեն ճառագայթող ներկայութեան՝ բոլոր ժամանակներուն մէջ: 

 

Խորհրդանիշերը ազգի մը իտէալներուն ու ձգտումներուն խոյանք կու տան եւ անոր առջեւ կը բանան վերանորոգ յոյսի ու պայքարի ճամբան:

 

Խորհրդանիշերը ազգի մը սրտի տրոփումներուն, հոգիի ճենճերումներուն, ներքին տագնապներուն, հաւատքի պոռթկումներուն ու ամուր վճռակամութեան հարազատ արտայայտութիւններն են:

 

Խորհրդանիշերը անցեալը կʼապրեցնեն ներկային մէջ ու ներկան կը բանան ապագային:

 

Խորհրդանիշերը յուշ են ու յիշեցում, պատգամ են ու մարտահրաւէր: Հոն են խտացած ազգի մը ոգին, ինքնութիւնը, էութիւնը, հաւատքն ու տեսլականը:

 

 

­*
*  *

 

Այսօր, հազա՜ր ափսոս, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, մեր ազգին խորհրդանիշերը սկսած են հեռանալ հայ կեանքէն:

 

Այսօր, ապազգային մօտեցումներ սկսած են հայ կեանքէն վանել խորհրդանիշեր, որոնք մեր ազգին ու հայրենիքին պատմութիւնը կերտած են, հայ մարդու ստեղծագործ ոգիին թռիչք տուած են, հայու կեանքը հաւատքով թրծած են եւ անոր կամքը կռանած՝ պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն մէջ:

 

Այսօր, ստուերի մէջ սկսած են մնալ դէմքեր ու դէպքեր, որոնք դարեր շարունակ դարձած են ուղենիշ հայ կեանքին:

 

Այսօր, սկսած են ժանգ կապել արժէքներ ու աւանդութիւններ, որոնք հայ մարդուն մէջ ճշմարիտ քրիստոնեան ու վաւերական հայը կազմաւորած են:

 

Այսօր, այլասերման վտանգին ենթակայ են մեր խորհրդանիշերը, որոնք դարձած են ամրակուռ սիւները մեր գոյութեան, զօրեղ դարբնոցները ազգաշինութեան ու ամուր վահանները ինքնապաշտպանութեան:

 

 

*
*  *

 

 

Ղեւոնդ Երէց եւ Վարդան Մամիկոնեան խորհրդանիշ են՝ մեր ազգին սրբազան արժէքներուն, վեհ իտէալներուն ու գերագոյն ձգտումներուն:

 

Խորհրդանիշ են՝ կրօնի ու հայրենիքի անքակտելի միութեան:

 

Խորհրդանիշ են՝ քրիստոնէութեան հայացման ու հայութեան քրիստոնէացման:

 

Խորհրդանիշ են՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու անվթար պահպանման:

 

Խորհրդանիշ են՝ ազգին ու հայրենիքին համար արիւն թափելու գիտակից նահատակութեան:

 

Խորհրդանիշ են՝ ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու ամուր յանձնառութեան:

 

Խորհրդանիշ են՝ ճշմարիտ հայ հոգեւորականի եւ հարազատ հայ մարդու տիպարին:

 

Խորհրդանիշ են՝ տագնապահար ժամանակներուն ազգին ամուր միասնականութեան:

 

Խորհրդանիշ են՝ քրիստոնէութեան ու հայութեան խոր ակունքներէն ժայթքող հաւատքի քաջութեան:

 

Ղեւոնդ Երէց ու Վարդան Մամիկոնեան կը պատկանին բոլոր ժամանակներուն:

 

Անոնք կենդանի ներկայութիւն դարձած են կեանքին ու գործին մէջ անոնց, որոնք հաւատքի զօրութեամբ ու անմնացորդ նուիրումով պատմութիւն կերտած են, հայրենիք պաշտպանած ու ազգ անմահացուցած:

 

Անոնք կենդանի ներկայութիւն դարձած են կեանքին ու գործին մէջ անոնց, որոնք ապրած, ստեղծագործած, տագնապած, պայքարած ու նահատակուած են “վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց”:

 

Չհեռանանք մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու Ղեւոնդ Երէցներէն ու Վարդան Մամիկոնեաններէն:

 

Չհեռացնենք զանոնք մեր կեանքէն, որպէսզի մեր կեանքը չդառնայ անգոյն, անդիմագիծ, անիմաստ ու աննպատակ:

 

Հաւատարիմ մնանք մեր ազգին ու հայրենիքին սրբազան խորհրդանիշերուն: