ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԷՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է այն մտածումներուն, զորս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր պատգամի ընթացքին՝ Վարդանանց տօնին առիթով արտասանուած Վեհարանի դահլիճին մէջ, 8 Փետրուար 2024-ին: ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐՈՒՆ Ազգ մը կը կորսնցնէ իր ինքնաճանաչումը, երբ չունի իր կեանքին իւրայատուկ դիմագիծ եւ գերագոյն տուող խորհրդանիշեր: Ազգ մը կʼանհետանայ պատմութեան գիշերին մէջ,…