ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ»Ը ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ գումարուած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի երկօրեայ նիստերը (19-20 Յունուար 2024) հասան իրենց աւարտին։   Առկայ հարթակը, որ մինչ այժմ ունեցած է առցանց եօթը նիստեր, ներառած էր հայկական առումով ընդլայնուած աշխարհագրութիւն. արդարեւ, Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ երկօրեայ նիստերով…