Անթիլիասի Ուխտի Օրուան պատրաստութիւններու ծիրէն ներս, 16 Մարտ 2024, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, ուղղուեցաւ «Կիլիկիա» թանգարան, ուրկէ դուրս բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմամշակութային եկեղեցական հարստութիւններէն տարբեր սուրբերու մասունքներ եւ աջեր։
Յիշեցնենք, որ Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ն է։ Այս առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցուի, որուն աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջին գլխաւորութեամբ, թափօր կը կազմուի Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ։