9 February, 2024

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՆՈՐ ԾԱՒԱԼ ՈՒ ՇԵՇՏԱՒՈՐՈՒՄ (Cilicia TV-ին հարցազրոյցը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող ամիսներու ընթացքին յաջորդաբար Հովուապետական այցելութիւններ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետեւեալ թեմերուն՝ Յունաստան, Կիպրոս, Գանատա, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Քուէյթի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, հանդիպումներ ունեցաւ թեմական ու համայնքային ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Դարձեալ անցնող ամիսներուն, Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ, Կաթողիկոսարանը դիմեց շարք մը նախաձեռնութիւններու, նպատակ ունենալով Արցախի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն վերականգնումը, Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան պահպանումը եւ Սփիւռքի վերակազմակերպումը: Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ նոյն գործընթացը պիտի շարունակէ յառաջիկայ ամիսներուն։

 

Այս հանգրուանին CILICIA TV-ն դիմեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ցարդ իր հանդիպումներուն ու նախաձեռնութիւններուն գծով ամփոփ կերպով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցէ մեր ժողովուրդին.-

 

 

1) Վեհափառ Տէր, սկսինք Արցախէն. ի՞նչ մօտեցում ունէին օտար պետութիւններ Արցախի գծով: Կրնա՞ք անոնց տեսակէտներուն իւրայատկութիւնները պարզել:

 

1) Օտար պետութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ Մեր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն, բնականաբար արծարծեցինք Արցախի հարցը: Նախ ուզեցինք ունենալ անոնց տեսակէտները եւ ապա պարզեցինք Մեր մտահոգութիւնները ու սպասումները: Այս գծով անհրաժեշտ է յստակ տարբերութիւն մը դնել Արցախի բռնագրաւումէն առաջ եւ անկէ ետք Մեր ունեցած հանդիպումներուն միջեւ: Ինչ կը վերաբերի Արցախի անկումէն առաջ մեր հանդիպումներուն (Գանատայի վարչապետ, Կիպրոսի նախագահ, Յունաստանի վարչապետ, եւ Մայրավանքէն ներս՝ զանազան դեսպաններու հետ), կարեւորութեամբ ընդգծեցինք Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու հրամայականը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն, եւ նոյնիսկ մատնանշեցինք Արցախին ինքնորոշման իրաւունքի եւ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան — որոնք որպէս սկզբունքներ մաս կը կազմեն միջազգային օրէնքին — մինչեւ գոյակցութիւն ստեղծելու կարելիութիւնները: Մեր խօսակիցները ընդգծելով հանդերձ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պահելու կարեւորութիւնը՝ շեշտեցին Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, անկախ այն իրողութենէն, որ Ազրպէյճան հետեւողական աշխատանք կը կատարէր միջազգային համայնքէն ներս՝ իր տեսակէտները ամրապնդելու իմաստով: Արցախի բռնագրաւումէն ետք Մեր ունեցած հանդիպումներուն, որոնք ներառեցին նաեւ միջ-եկեղեցական կառոյցներ, հետեւեալ կէտերը շեշտեցինք.- Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, արցախահայութեան իրաւունքներու վերահաստատումը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, կրօնամշակութային կառոյցներու անվթար պահպանումը, գերիներու ու ձերբակալուած պետական պատասխանատուներու ազատ արձակումը եւ Հայաստան հաստատուած արցախցի գաղթականներու մարդասիրական օժանդակութիւնը: Յիշեալ կէտերուն շուրջ ընդհանրապէս հասկացողութիւն կար օտար պետութիւններու պատասխանատուներուն մօտ: Արցախի հարցը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար չէ փակուած: Արցախը մեր ազգային պահանջատիրութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ:

 

 

2) Վեհափառ Տէր, Լիբանանը ու յատկապէս նախագահական ընտրութիւնները կարեւոր տեղ գրաւեցին Ձեր ունեցած հանդիպումներուն: Ի՞նչ է օտար պետութիւններուն դիրքորոշումը լիբանանեան հարցերուն նկատմամբ:

 

2) Վերջին շրջանին, Լիբանան կը դիմագրաւէ երկու տագնապներ՝ ընկերատնտեսական եւ նախագահական ընտրութիւն: Ինչպէս Լիբանանի մէջ Մեր ունեցած հանդիպումներուն (վարչապետ, նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւոր պետեր, դեսպաններ), այնպէս ալ օտար պետութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ Մեր հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերատնտեսական տագնապին: Փաստօրէն ժողովուրդը զոհը դարձաւ յաջորդական կառավարութիւններուն սխալ որոշումներուն: Նաեւ այս է օտար պատասխանատուներուն տեսակէտները: Մեր մօտեցումը եղաւ ընկերատնտեսական կեանքի անյապաղ վերականգնումը՝ նոր նախագահի ընտրութեամբ ու նոր կառավարութեան կազմութեամբ: Յայտնենք, որ այս ծիրէն ներս օտար պետութիւններ, յատկապէս արաբական երկիրներ, World Bank-ի եւ IMF-ի պատրաստ են վստահութեան, համարատուութեան ու թափանցիկութեան հաստատումով օժանդակելու Լիբանանին:

 

Ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան, անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ լուսարձակներէ հեռու յաճախակի հանդիպումներ տեղի ունեցան Պքէրքէի ու Անթիլիասի մէջ՝ մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքին առաջարկով: Զանազան կուսակցութիւններու պատասխանատուներ ու նախագահական թեկնածուներ այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքը: Նախագահական ընտրութեան հետ ուղղակի եւ անուղղակի աղերս ունեցող պետութիւններու ներկայացուցիչներ եւս այցելեցին Անթիլիաս: Այս բոլորի կողքին, կարեւորութեամբ կ՚ուզենք յիշեցնել, որ ընդառաջելով Քաթարի վարչապետ Շէյխ Մոհամմատ Պըն Ապտ Ալ-րահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիի հրաւէրին, երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցանք Տոհա, Մեզի հետ ունենալով Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Բագրատունին: Վարչապետը կը նախագահէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեամբ մօտէն զբաղող հինգ երկիրներու (Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ) խմբակի հանդիպումներուն: Իմացանք վարչապետին տեսակէտը եւ մեր կարգին պարզեցինք մեր մտահոգութիւնները: Ապու Տապիի մեր համայնքին տուած Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցանք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտալլա Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի հետ, որ եղբայրն է երկրի նախագահին: Բոլորին տեսակէտները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն շուրջ.- նախագահական ընտրութիւնը անյետաձգելի հրամայական է. անհրաժեշտ է ընտրել այնպիսի անձ մը, որ ո՛չ միայն ծանօթ է երկրի ներքին եւ արտաքին հարցերուն, այլ նաեւ փորձառութիւնը ու պատրաստակամութիւնը ունի կողմերու միջեւ գործակցութիւն ստեղծելու, միշտ ամուր պահելով Լիբանանի ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը ու միութիւնը: Գոհունակութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ բոլոր Մեր խօսակիցները, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, յատուկ համարում ու վստահութիւն ունին Լիբանանի հայ համայնքին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ, եւ կը սպասեն, որ մեր ունեցած կապերով եւ հարցերու անաչառ ու հաւասարակշռուած մօտեցումով կարենանք կարեւոր դեր կատարել նախագահական ընտրութեան առնչուած աշխատանքներու մէջ:

 

 

3) Վեհափառ Տէր, Ձեր այցելած երկիրներուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն նկատմամբ կ՚արժէ իմանալ պետական պատասխանատուներուն մօտեցումը:

 

3) Ինչպէս քիչ առաջ յայտնեցինք, Մեր այցելած երկիրներուն եւ Մեզի այցելութիւն տուած օտար երկիրներու դեսպաններուն մօտ խոր յարգանք ու վստահութիւն տեսանք իրենց երկիրներուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ: Ներկայ ժամանակներուն, երբ Միջին Արեւելքը հսկայ վտանգներու դիմաց կը գտնուի, երբ կարգ մը երկիրներու դերակատարութիւնը սկսած է դառնալ առանցքային, անոնց բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ Մեր հանդիպումները պերճախօս վկայութիւն են Մեր անձէն անդին՝ մեր Սուրբ Աթոռին ու հայ համայնքներուն նկատմամբ իրենց ունեցած բարձր համարումին: Օրինակ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ իր երկրէն ներս հայ համայնքը, անկախ երկրին տնտեսական զարգացման բերած իր կարեւոր նպաստէն, կրօնական, մշակութային ու ազգային իր ինքնութեամբ իւրայատուկ արժէք մըն է երկրին համար: Արդարեւ, հայ համայնքները իրենց հաւատարմութեամբ ու աշխատասիրութեամբ նուաճած են այն յարգանքը, զոր այսօր կը տեսնենք այդ երկիրներու ժողովուրդներուն ու պատասխանատուներուն մօտ: Մեր թելադրութիւնն է, որ նոյն ոգիով մեր համայնքները շարունակեն իրենց մասնակցութիւնը բերել իրենց ապրած երկիրներու առաւել յառաջդիմութեան նպաստող աշխատանքներուն:

 

 

4) Վեհափառ Տէր, վերջին երեք տարիներու Ձեր հռչակագրերը առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման: Ի՞նչ ընթացքի մէջ են այս ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

 

4) Վերջին երեք տարիներուն՝ 2022, 2023 եւ 2024, Հայրապետական Մեր հռչակագրերուն սեւեռակէտը Սփիւռքի վերակազմակերպումն էր: Այս ծրագրին ու անոր առնչուած գործընթացին նկատմամբ տարբեր մօտեցումներ որդեգրեցինք, ինչպէս նաեւ տարբեր շեշտաւորումներ կատարեցինք հռչակագրերուն մէջ, նկատի ունենալով մեր գաղութներուն իւրայատկութիւնները եւ անոնց պարզած ներկայ վիճակը: Առաւելագոյն չափով փորձեցինք ըլլալ իրապաշտ ու գործնական: Մեր թեմերուն տուած Հովուապետական այցելութիւններուն Մեր օրակարգին հիմնական հարցը Սփիւռքի վերակազմակերպումն էր: Այս մասին լայնօրէն խօսեցանք եւ պարզեցինք Մեր մտահոգութիւններն ու սպասումները, միաժամանակ լսեցինք գաղութներուն մտահոգութիւններն ու տեսակէտները: Սփիւռքի վերակազմակերպումը այլեւս դարձած է անյետաձգելի: Սփիւռքը չի կրնար շարունակել այնպէս, ինչպէս որ է: Փաստօրէն, Սփիւռքը ինքնամաշումի ու գունաթափումի մէջ է. պատճառները այլազան են ու բազմազան, նոյնպէս նաեւ հետեւանքները՝ խառն ամուսնութիւններէն սկսեալ մինչեւ հայ լեզուի նահանջ, մարդուժի պակասէն սկսեալ մինչեւ կառոյցներու գործունէութեան նօսրացում: Անհրաժեշտ է այս բոլոր հարցերը իրատես մօտեցումով քննել ու համապատասխան որոշումներ կայացնել եւ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ մեր գաղութները վերակազմակերպելու ու վերանորոգելու գործընթացներ ճշդել: Սա դիւրին գործընթաց մը չէ, սակայն զայն սկսիլը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Այս հարցերու մասին երեք հռչակագրերուն մէջ անդրադարձած ենք եւ բնականաբար պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները՝ իւրաքանչիւր թեմին ու գաղութին յիշեցնելով վերակազմակերպումի հիմնական կարիքը: Յայտնենք, որ յառաջիկայ Մարտի կէսերուն Մայրավանքէն ներս յաջորդաբար Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր պիտի գումարուին, ինչպէս նաեւ՝ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան (Մարտ 11-16): Յիշեալ հանդիպումներու օրակարգերուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Սփիւռքի վերակազմակերպումը: Այս առիթով կ՚ուզենք դարձեալ յիշեցնել, որ Սփիւռքի վերակազմակերպումը Մենք կը տեսնենք մէկ ազգի ու մէկ Հայրենիքի ամբողջութեան ծիրէն ներս: Հետեւաբար, Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար: Ա՛յս եղած է մեր Սուրբ Աթոռին եւ անձնապէս Մեր մօտեցումը ու համոզումը, եւ համասփիւռքեան մտածողութեան մշակումը դիտած ենք համահայկական մտածողութեան մշակման ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ մեր ազգին ու Հայրենիքին գործող ոյժերու եւ կառոյցներու համախմբումը համահայկական օրակարգի մը շուրջ նկատած ենք ու միշտ կը նկատենք հրամայական:

 

 

5) Վեհափառ Տէր, ողջունելի է Ձեր նախաձեռնութեամբ հաստատուած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը: Կրնայի՞ք այս մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն:

 

5) «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը կը նկատենք օգտաշատ նախաձեռնութիւն մը, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը դիմագրաւող ներկայ լուրջ տագնապները: Այս ուղղութեամբ ունեցանք առցանց եօթը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեցինք մեր ազգի զանազան տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն առնչուած դէպքեր, կացութիւններ ու վտանգներ՝ անաչառ, իրատես ու համապարփակ մօտեցումով: Ապա, շուրջ երեք շաբաթ առաջ, Անթիլիասի Նայրավանքէն ներս ունեցանք Հարթակին առաջին հանդիպումը: Անոր մաս կը կազմեն 12 մտաւորականներ, փորձագէտներ, դասախօսներ ու իրաւագէտներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Իրանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Լիբանանէն: Հարթակին նպատակն է քննել ու վերլուծել, միշտ իրապաշտ ու համապարփակ մօտեցումով, Հայաստանի, Արցախի ու շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Արեւմուտքի հետ Հայաստանի յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: Վերլուծական աշխատանքներէ անդին, Հարթակը նաեւ պիտի փորձէ որոշ գործնական քայլերու դիմել՝ թէ՛ համագումարներու կազմակերպումով եւ թէ՛ հրատարակութիւններով: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ կարդալ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Հարթակին հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը:

 

 

6) Վեհափառ Տէր, ուրախութեամբ իմացանք Ֆանարի հայկական աւանին մէջ «Խորէն Ա. Կեդրոն»ի շուտափոյթ բացումին մասին: Ի՞նչ է նպատակը յիշեալ կեդրոնին:

 

6) Ֆանարի հայաւանին կից գտնուող նախկին Գարակէօզեան վարժարանի (ապա Խանամիրեան գոլէճ) շէնքը վերադասաւորումի ու վերանորոգութեան ենթարկեցինք եւ զայն անուանեցինք «Խորէն Ա. Կեդրոն»՝ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին անունով: Յայտնենք, որ Խորէն Ա. Վեհափառը Ֆանարի եւ յիշեալ վարժարանի շինութեան մէջ նախաձեռնողը եղած էր: Արդէն իսկ «Խորէն Ա. Կեդրոն» փոխադրուած են Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), Շնորհալի եւ Նարեկացի երգչախումբերու գրասենեակները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոնները: Կեդրոնը պիտի ունենայ մատենադարան եւ այլ բաժանմունքներ: Նաեւ պիտի ունենայ իր տնօրէնը եւ պաշտօնէութիւնը: Անոր բացումը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2024-ին, երբ Մայրավանքէն ներս տեղի ունենան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը: Արդարեւ, յիշեալ կեդրոնի հաստատումով ո՛չ միայն արժանի յարգանք կ՚ընծայենք երջնկյ. Խորէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի յիշատակին, այլ նաեւ լայն կարելիութիւններ կը ստեղծենք Կաթողիկոսութեան հետզհետէ աճող ու ծաւալող առաքելութեան առնչուած բազմակողմանի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Մեր Սուրբ Աթոռին ձեռք ձգած իրագործումներուն քարոզչութիւնը կատարելու ճիգէն միշտ հեռու ենք մնացած: Գործը կը ճառագայթէ. կարիքը չունի գովասանքի: Կ՚ուզենք սակայն յիշեցնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ, հետզհետէ կը ստանայ նոր ծաւալ ու շեշտաւորում: Արդ, մենք կոչուած ենք մեր առաքելութեան նոր թափ տալու՝ ընդառաջ ներկայ պայմաններուն, մարտահրաւէրներուն եւ մեր ժողովուրդի սպասումներուն:

 

 

Վեհափառ Տէր, Cilicia TV-ն իր ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ձեզի, որ հակառակ Ձեր բազմազբաղ ժամանակացոյցին, վերոնշեալ տեղեկութիւնները փոխանցեցիք Cilicia TV-ի հետեւողներուն: