Մեր եկեղեցւոյ առաջին հայրապետին եւ երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին առիթով, Շաբաթ, 16 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի համանուն Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Առ այդ, մեծ սուրբի տօնին յաջորդ օրը հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կը նշենք «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ը։ Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի աշակերտներուն, 16 Մարտի երեկոյեան կատարուեցաւ «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ուան առթիւ հսկումի հոգեպարար արարողութիւն։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ Անոր պատգամին առանցքը դարձաւ արարողութենէն վերցուած այն նախադասութիւնը, որուն մէջ խտացած է այն մեծ առաքելութիւնը, հոգեւոր յեղափոխութիւնը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կատարեց մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանին.- «Ս. Լուսաւորիչ մեր ազգը առաջնորդեց դէպի հոգեւոր վերածնունդ»։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յատկապէս ընդգծեց, որ Ս. Լուսաւորիչ եղաւ այն մեծ հայրապետը ու հոգեւոր առաջնորդը, որ Քրիստոսի լոյսը բերաւ մեր հայ ազգի կեանքի մայր էջին, մեր ժողովուրդի կեանքը հաւատքով շաղախեց եւ մեզ առաջնորդեց դէպի հոգեւոր վերածնունդ։ Եսայի մարգարէին բառերը որքա՜ն բնորոշիչ են մեզի համար՝ «խաւարի մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս մը տեսաւ» (Ես 9.2)։
Բացատրելով հոգեւոր վերածննդեան հասկացողութիւնը՝ Հայրապետը ըսաւ, որ շատ պարզ, սակայն խորիմաստ այս գաղափարը կը նշանակէ դարձ առ Աստուած։ Հոգեւոր վերածնունդը մարդակեդրոն կեանքէն դարձ է դէպի Աստուածակեդրոն կեանք. հոգեւոր վերածնունդը մեղքի տիրապետութենէն բացուիլ է դէպի շնորհքի տիրապետութիւն. այլ խօսքով, հոգեւոր վերածնունդը երկնային շնորհքներով, Աստուածատուր հաւատքով մեր կեանքը լեցնել ու թրծել է եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ է, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան նաեւ կարեւորութեամբ նշեց, որ մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, հրամայական կարիքը ունի հոգեւոր վերածննդեան։ Մենք, իբրեւ ազգ, սկսած ենք հեռանալ Աստուծոյ ներկայութենէն։ Մեր ազգի կեանքին մէջ սկսած են թափանցել մեր քրիստոնէական հաւատքը ապականող եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր ընտանիքներէն ու անձերէն հեռացնող տեսակ-տեսակ բարքեր։ Ահա, այս ճշմարտութենէն մեկնած՝ մեր ժողովուրդը հրամայական կարիքը հոգեւոր վերածննդեան։ Ուստի, մեր եկեղեցին եւ մեր հոգեւոր հայրերը, իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդները Լուսաւորիչ հայրապետի մեծ կտակին, կոչուած ենք շարունակելու Լուսաւորիչով սկսած մեր ազգի հոգեւոր վերածննդեան սրբազան առաքելութիւնը։
Եզրափակելով իր պատգամը՝ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին տօնը մեր ազգի բոլոր զաւակներուն համար ո՛չ միայն յիշեցում է, այլեւ պատգամ է ու մարտահրաւէր մնալու հաւատարիմ հայրապետին եւ մասնակից դառնալու մեր ազգի հոգեւոր վերածննդեան առաքելութեան։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, հաղորդուելէ ետք մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութենէն բուրող աղօթքներով ու Հայրապետական պատգամով, հաւատացեալ ուխտաւորներ աղօթքներով եւ սաղմոսասացութիւններով իրենց գիշերը անցուցին եկեղեցւոյ մէջ՝ յաջորդ օրը մասնակցելու Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Լուսաւորիչ հայրապետին Աջով տեղի ունենալիք թափօրին եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը։