8 March, 2024

ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Մարտ 8-ն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին ծննդեան օրն է։

 

Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, վանաբնակ միաբան հայրերն ու Կաթողիկոսարանի զանազան կառոյցներու պաշտօնէութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշեցին ազգիս հովուապետին ծննդեան տարեդարձը։ Սիրոյ, յարգանքի, առողջութեան, արեւշատութեան ու բեղուն ծառայութեան բարեմաղթութիւններով լեցուն խօսքեր արտասանուեցան միաբանութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ։

 

Օրհնութեան խօսք ուղղեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետը։ Իր հայրական օրհնութիւնը տալէ ետք ներկաներուն՝ ան շնորհակալութիւն յայտնենց բոլորին, որոնք ազնիւ գտնուած են յիշելու եւ նշելու իր ծննդեան տարեդարձը։ Այս առիթով ան ընդգծեց ամեակներուն կարեւորութիւնը՝ ըսելով, թէ անոնք առիթ են անցեալին նայելու, համապատասխան կերպով ներկան ապրելու եւ հեռատեսութեամբ ու տեսլականով ապագան ծրագրելու։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները, եւ բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթանքը։