2 March, 2024

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։

 

Այս առիթով, վարչութեան անդամները Նորին Սրբութիւնը իրազեկ դարձուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։

 

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատեց Լ.Օ.Խ.ին տարած նուիրական գործունէութիւնը եւ շեշտեց, յատկապէս ներկայ տագնապալի ժամանակաշրջանին մէջ, ընկերային ծառայութեան զարկ տալու հրամայականը։ Ան ընդգծեց, որ ոչ թէ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ, այլ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն իսկ է։ Հետեւաբար, իբրեւ լիբանանահայ համայնք, եկեղեցի-կազմակերպութիւններ-միութիւններ կոչուած են միասնաբար ընկերային ծառայութեան ծրագիրներ մշակելու, զանոնք համադրելու, իրարու հետ գործակցելու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէն տեսակ կարիքներուն հասնելու։ Արդարեւ, Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս գնահատեց Լ.Օ.Խ.ի մեծ ընտանիքին ժրաջան աշխատանքը եւ ծառայական նորանոր նուաճումներով լի գործունէութիւն մաղթեց։