27 February, 2024

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։

 

Դեսպանը Հայրապետին զեկուցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի տագնապին շուրջ ընթացող հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան ու երկիրը դիմագրաւող տնտեսական ու ընկերային հարցերու, ինչպէս նաեւ Կազայի պատերազմին գծով։

 

Ապա, ընդհանուր արժեւորումի ենթարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։