Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ եւ հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը, Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան։
Միաբան հայրերու կողմէ աստուածաշնչական ընթերցումներէ եւ Անդաստանի հոգեզմայլ արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացելոց։ Ան ընդգծեց Յիսուս Մանուկին տաճար ընծայման իմաստը ներկայ ժամանակներուն մէջ եւ ըսաւ, որ Աւետարանի իւրաքանչիւր նախադասութիւն պատգամ մը ունի փոխանցելիք, ուստի հաւատացեալը պէտք է ո՛չ միայն ծանօթ ըլլայ հոն արձանագրուած դէպքերուն, այլեւ ապրի ու իր կեանքը իմաստաւորէ այդ պատգամներով, որոնք անմիջական առնչուածութիւն ունին մեր կեանքին հետ։ Առ այդ, Հայրապետը շեշտեց երկու հիմնական կէտեր՝ աւանդութիւններուն ազգերու ու կրօններու ինքնահասկացողութեան երեւոյթ ըլլալը եւ Աստուծոյ ընծայելու իմաստը։
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հայ ընտանիքները հաւատարիմ մնալ դարաւոր մեր աւանդութիւններուն, որովհետեւ անոնք երաշխիք են յարատեւութեան. «մենք կոչուած ենք մեր հայրերէն ժառանգած մեր աւանդութիւնները պահելու եւ այդ աւանդութիւններով մեր կեանքը թրծելու։ Ահաւասիկ, Յիսուս Մանուկին ծնողքը, հաւատարիմ եբրայական աւանդութեան, տաճար տարաւ Մանուկը՝ Աստուծոյ ընծայելու համար»։ Աստուծոյ ընծայելու գաղափարը յիշեցում է, որ մեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի Աստուծոյ ներկայութեամբ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես հաւատացեալներու, ի մասնաւորի մանուկներու, խուռներամ ներկայութեան եւ նշեց, որ ընտանիքը փոքր եկեղեցի կը համարուի եւ ունի հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու ծանր պարտականութիւն, որովհետեւ ապազգային եւ ապաքրիստոնէական կենցաղակերպեր սկսած են բազմանալ մեր շուրջը։ Նորին Ս. Օծութիւնը իր պատգամը փակեց՝ ըսելով. «իմ աղօթքս է, որ քիչ ետք, երբ Քրիստոսի լոյսը առնէք եւ տանիք ձեր տուները, Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուին ձեր բոլորին մտածումները, գործերը, կեանքի ճամբան եւ կեանքը։ Թող Քրիստոս մեր ազգին համար միշտ լոյս դառնայ եւ լոյս մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր ընտանիքներու կեանքին մէջ»։
Հայրապետական պատգամէն ետք, լուսարարապետ սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ս. խորանէն առաւ Քրիստոսի լոյսը եւ փոխանցեց Հայրապետին, որ իր կարգին բաշխեց հաւատացեալներուն՝ մինչ ծնողներ իրենց զաւակները մօտեցուցին Ս. Խորանին եւ միաբան հայրերուն կողմէ Աստուծոյ ընծայաբերելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Քրիստոսի ծնողքին օրինակով։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայրավանքի շրջափակ, ուր Հայրապետը Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը, իսկ դպրեվանեցիները եւ ժողովուրդը միասնաբար երգեցին հոգեւոր ու ազգային երգեր։