Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնօրէնները, գլխաւորութեամբ ձեռնարկի Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի:

 

Այցելուները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց գործունէութիւնը, միաժամանակ՝ դիմագրաւած մտահոգութիւնները:

 

Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես յիշեալ երկիրներուն մէջ Ճինիշեան ձեռնարկին կատարած գործունէութեան: Ան իր օրհնութիւնը տուաւ տնօրէններուն եւ իրենց օգնականներուն, միաժամանակ շեշտելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ թելադրեց, որ պատասխանատուները նկատի ունենան իրենց շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներու առաջնահերթութիւնը, ըստ այնմ համապատասխան մօտեցումներ ճշդեն եւ միշտ ուշադիր ըլլան հաւասարակշռութիւն պահելու՝ անհատներու եւ հաւաքականութեան ուղղուած օժանդակութիւններուն գծով:

 

Նոյն օրը, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուի Լահհուտ: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան եւ Այնճարի ու հայահոծ այլ շրջաններու միջեւ երկրագործական ու արտադրողական մարզերէն ներս նախարարութեան հետ գործակցութիւն ստեղծելու կարելիութիւնները:

 

Ընդհանուր քննարկումներէ ետք, յարմար նկատուեցաւ, որ մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը ճամբով աւելի լայն քննարկումներ տեղի ունենան: