8 January, 2024

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Կիրակի, 7 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռայի Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Արք. Սայյահը, Պատրիարքարանի երիտասարդաց բաժանմունքի պատասխանատու Ճորճ Վրդ. Եարան եւ Պատրիարքարանի տնօրէն Ուալիտ Ղայատը:

 

Սուրբ ծննդեան շնորհաւորանքին առընթեր, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր: Այս գծով, պատուրիակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Ռայի Պատրիարքին տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց կարելի փութով ընտրութիւն կատարելու հրամայականը, նկատի ունենալով երկրէն ներս ընկերատնտեսական հետզհետէ խորացող տագնապը եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումները:

 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Վատիկանի կողմէ նոյն սեռի պատկանող զոյգերուն ամուսնութեան գծով վերջերս առնուած որոշումին: Նկատի ունենալով հարցին զգայուն բնոյթը, Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ աւելի խոր կերպով քննուի հարցը թէ՛ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողմէ եւ թէ՛ միջ-եկեղեցական խորհրդակցութեանց ծիրէն ներս: