Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Փետրուար ամսու առաջին Կիրակիին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետական դարաւոր ու պատմական Ս. Աթոռին հայրապետներուն եւ միաբան հայրերուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Արդարեւ, Կիրակի, 4 Փետրուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, միաբան հայրերէ, դպրեվանեցիներէ եւ հաւատացեալներէ կազմուած Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող Զարեհեան միաբանական յուշարձան-դամբարանը, ուր Նորին Ս. Օծութեան նախագահութեամբ, յատուկ հանդիսաւորութեամբ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար։
Թող Ամենակալ Տէրը իր ողորմածութեամբ ու գթառատութեամբ ընդունի մեր հայրապետներուն ու միաբաններուն հոգիները եւ Իր երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։