ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

— Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, Ճըպէյլ:

 

— Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ: Նիւթ՝ «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել»:

 

— Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 09:00-ին, տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովի բացումը: Նիւթ՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան»:

 

— Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական պատգամը ուղղէ:

 

— Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին, «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հանդիպում:

 

— Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի Մայրավանք քայլարշաւի (ժամը 19:00-ին) աւարտին, ժողովրդային հաւաք տեղի պիտի ունենայ Մայրավանքի շրջաբակին մէջ՝ ժամը 21:00-ին:

 

— Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, եւ ապա Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական կարգ պիտի կատարուի՝ Մայրավանքի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ:

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ