21 February, 2024

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ԵՂԻՇԷ Ծ. ՎՐԴ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ

Տէր Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Մանճիկեան ծնած է 1942 թուականին, Քէսապի Գարատուրան գիւղը (Սուրիա)։ Աւազանի անունն է Արա։ Փոքր տարիքին ծնողքին հետ Պուրճ Համուտ (Լիբանան) փոխադրուելով՝ նախնական կրթութիւնը ստացած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգային Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1956-ին։ Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին՝ ձեռամբ Լիբանանի առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի։

 

Ապա, երեք տարի հետեւելով Ընծայարանի դասընթացքներուն՝ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1963-ին՝ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. ԵՂԻՇԷ ԱԲԵՂԱՅ։

 

1963-1965 ստանձնած է Կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսչութիւնը, միանգամայն Դպրեվանքէն ներս դասաւանդելով գրաբար ու հայերէն, իսկ Մարտիկեան Վարժարանէն ներս՝ ֆրանսերէն եւ թուաբանութիւն։

 

1965-ին գործուղղուած է Նոր Ջուղա (Իրան), որպէս դասախօս Սպահանի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնին։ Նոյն տարիներուն, ան նաեւ դասաւանդած է Նոր Ջուղայի ազգային վարժարաններուն մէջ՝ հայերէն, գրաբար, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ կրօնագիտութիւն։ Իր մասնակցութիւնը բերած է Նոր Ջուղայի առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Սարգիսեանի կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերաորակաւորման գիշերային դասընթացքներուն։

 

1967-ին հիմնած ու կազմակերպած է Սպահանի պետական համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւնը։

 

1974-1976 Միացեալ Նահանգներու Գոլոմպիա համալսարանէն ներս հետեւած է Միջին Արեւելեան Լեզուներ եւ Մշակոյթներ ճիւղին։

 

Տ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան հովուական պաշտօններ ստանձնած է հետեւեալ շրջաններուն մէջ.-

 

— 1976-1977 թուականներուն եղած է Լոս Անճելոսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ուր նաեւ դասաւանդած է Մոնթէպէլլոյի Մեսրոպեան Վարժարանէն ներս՝ կրօնք եւ հայ մշակոյթի պատմութիւն նիւթերը։

 

— 1977-1980 ստանձնած է Էնսինոյի (Լոս Անճելոս) Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովուութիւնը, ուր հաստատած է Ս. Գիրքի եւ կրօնական գիտելիքներու սերտողութիւն Էնսինոյի երիտասարդութեան համար։

 

— 1980-1983 նշանակուած է Ֆրէզնոյի հոգեւոր հովիւ՝ միաժամանակ դասաւանդելով Ֆրէզնոյի համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին մէջ։

 

— 1983-1997 Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ նշանակուած է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց Թեմին, ուր հաստատած է շաբաթօրեայ հերթական գիշերային դասախօսութիւններու լսարան։ Իր օրերուն իրագործուած է Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Ապրիլեան Յուշարձանի կառուցումը։

 

— 1997-2000 նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Վանգուվըրի (Գանատա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։

 

— 2000-2003 ստանձնած է հովուութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։

 

— 2004-2007 Անթիլիասի Դպրեվանքէն ներս դասաւանդած է գրաբար եւ հայ մատենագրութիւն։

 

— 2006-2009 տարիներուն ստանձնած է «Կիլիկիա» թանգարանի եւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչի պաշտօնները։

 

— 2010-2011 նշանակուած է Ատրպատականի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։

 

Հայր Սուրբին գրական վաստակին կը պատկանին հետեւեալ հատորները.-

 

ա) Յովհաննէս Օձնեցի — վարդապետական աւարտաճառ։

 

բ) Դուք Ի՞նչ Կը Մտածէք — զրոյց երիտասարդութեան հետ։

 

գ) Սուրբ Սահակ Պարթեւ — համառօտ ակնարկ մը երիտասարդութեան հետ։

 

դ) Անթառամ Շողեր — աղօթագիրք հայերէն եւ անգլերէն։

 

ե) Գրասեղանիս Թուղթերէն։

 

զ) Ամօթին Հայկականը — հրատարակուած Ե. Տիգրան գրչանունով։

 

է) Ոգեղէն Ճոպանուղի։