Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան Պատարագը մատոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։
Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Արեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան շարքին ներկայ էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Շահան Արք. Միւռոնաթափ Աղաւնին Ս. Երրորդութեան խորանէն «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ բերաւ Ս. Խորան, եւ ձեռամբ Նորին Ս. Օծութեան կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, ներկայ թէ՛ առցանց Ս. Պատարագին մասնակից մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցեց Ս. Ծննդեան Հայրապետական պատգամը։
Հայրապետը պատգամի բնաբան ընտրած էր Յայտնութեան գիրքին հաստատումը, թէ՝ «ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յյտ 21.5): Այս բառերուն մէջ կարելի է խտացնել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Աստուածայայտնութեան դէպքը՝ Յիսուս Մանուկի ծնունդով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Արդարեւ, պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին, Աստուած աշխարհ կու գար իրենց Ստեղծիչէն հեռացած տիեզերքն ու մարդը վերստեղծելու՝ մարդուն մէջ վերականգնելով Աստուծոյ պատկերը ու տիեզերքը վերստին օժտելով երկնային բարիքներով: Հետեւաբար, Աստուծոյ ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ վերածնունդն էր նոր տիեզերքին ու նոր մարդուն, ինչպէս Յայտնութեան գիրքի հեղինակ Յովհաննէս առաքեալը կը բնորոշէ՝ «նոր երկնքի ու երկրի» ծնունդը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ անդրադառնալով մարդու ստեղծագործութեան՝ ըսաւ, որ Աստուած մարդը ստեղծած է, որպէսզի իր ստեղծագործութեան հոգատարը ու պաշտպանը դառնայ: Այս առաքելութիւնը կատարելու համար Աստուած մարդը օժտած էր ազատութեամբ ու իշխանութեամբ: Սակայն մարդը իրեն տրուած ազատութիւնը շահագործած էր ու հեռացած Աստուծմէ: Աստուած իր միածին Որդւոյն ճամբով Բեթղեհէմ կ՚իջնէր իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնելու իրեն. ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս նկատուած է երկրորդ Ադամ: Առաջին Ադամը մեղք, չարիք ու մահ բերած էր աշխարհ, երկրորդ Ադամը փրկութիւն ու վերանորոգ կեանք կը բերէր աշխարհ:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Քրիստոս անցեալ չէ, այլ միշտ ներկայ ու նաե՛ւ ապագայ: Քրիստոս ծնաւ, քարոզեց ու հրաշագործեց, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ եւ խոստացաւ դարձեալ գալ: Քրիստոսի ծնունդով մենք նաեւ կը նշենք վերածնունդը նոր մարդուն ու նոր աշխարհին, միշտ մեր հաւատքի աչքերը ուղղած դէպի Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Առաքեալը իր Յայտնութեան գիրքը կը փակէ հետեւեալ աղաչանքով. «եկուր, Տէր Յիսուս»: Այսօր, դարեր առաջ Բեթղեհէմի մէջ պատահած Աստուծոյ յայտնութեան դէպքը չենք տօներ միայն, այլ դէպի Բեթղեհէմ դառնալով՝ կ՚ըսենք.-
Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս, մեր կեանքը երկնային բարիքներով ու շնորհքներով ծաղկեցուր ու պայծառակերպէ,
Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս, մեղքով պատուած մեր կեանքը մաքրէ քու լուսեղէն ներկայութեամբ,
Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս, մեր խաւարած կեանքին առջեւ բաց լոյսի ու յոյսի ճամբան,
Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս, ատելութեամբ լեցուն մեր կեանքը շաղախէ սիրոյ զօրութեամբ:
Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս, հեռացուր մեր կեանքէն երեւելի ու աներեւոյթ չարերը ու չարիքները:
Առանց Յիսուսի ներկայութեան մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր իմաստը ու ինքնութիւնը, իր խորքը եւ ուղղութիւնը: Հետեւաբար, դառնանք Քրիստոսի, որպէս անհատ ու որպէս ազգ, եւ հաւատքի զօրութեամբ ըսենք՝ «եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը խօսելով մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած տագնապներուն մասին՝ յիշեց, որ իր նոր տարուան պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտած էր, թէ մեր ազգը հրամայական կարիքը ունի ահաւոր վտանգներով լեցուն ներկայ կացութենէն դուրս բերող համահայկական նոր ռազմավարութեան ու համահայկական օրակարգի, մասնակցութեամբ Հայաստանի ու Սփիւռքի բոլոր ոյժերուն անխտիր:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին կացութեան՝ շեշտելով Հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութիւնը եւ ապա նոր կառավարութեան կազմութեամբ ընկերային-տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ցաւով անդրադարձաւ Կազայի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին, որ խոտոր կը համեմատի միջազգային օրէնքին: Ան խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ռմբակոծումները, որոնք պատճառ կը դառնան անհամար զոհերու եւ ահաւոր քանդումներու: Ան շեշտեց, որ միջազգային համայնքը պէտք է զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային իրաւունքներուն՝ պաղեստինեան անկախ պետութեան հաստատումով, եզրափակեց իր պատգամը Նորին Ս. Օծութիւնը։
Ս. Պատարագէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց ժողովուրդին ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն նոր տարուան եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։