ՄԵՐ ՓՐԿԻՉԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Աւագ Ուրբաթ օրուան եկեղեցական արարողութիւնը՝ Մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը, գեղեցիկ շարականներու եւ սաղմոսասացութիւններու ճամբով կատարուեցաւ 29 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդին առնչուած իր Հայրապետական պատգամը։

Յատկանշական է, որ Աւագ Ուրբաթին, «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս կը բերուի Քրիստոսի Խաչափայտէն սրբազան մասունքը, որմով Հայրապետը կ՚օրհնէ ներկաները։

Յիսուս Քրիստոսի թաղման պատգամը փոխանցելով՝ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Քրիստոսի գերեզման իջնելով մեր մեղքերը գերեզմանելու խորհուրդին մասին՝ մեկնելով Պետրոս առաքեալի ընդհանրական երկրորդ թուղթէն՝ «արդարը, անմեղը մեղաւորներուս համար խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ»։ Նշելով ադամական մեղքի պատճառով մարդուն Աստուծմէ հեռանալը՝ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած չհեռացաւ մարդէն, աւելին՝ Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ իրեն։ Հայրապետը աւելցուց, որ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ երկրաւոր առաքելութիւնը մէկ նպատակ կը հետապնդէին՝ մարդու փրկութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ փրկութիւնը կեանքի ընթացք մըն է եւ հրաւիրեց հաւատացեալները այս առումով գիտակից կեանք մը ապրելու։ «Սիրելի հաւատացեալներ, եկէ՛ք, մեր հոգիներուն մէջ ծունկի գանք եւ խնդրենք մեզի համար, մեր մեղքերուն համար գերեզման իջած, թաղուած Քրիստոսէն՝ ըսելով.- ո՜վ Տէր, քեզի հետ գերեզման իջեցուր մեր մեղքերը, մեր տագնապները, մեր ցաւերը, մեր հիւանդութիւնները, մեր դժուարութիւնները, մեր մոլութիւնները, որպէսզի քեզի հետ միասին վերանորոգ հաւատքով դիմաւորենք քու հրաշափառ Յարութիւնը»։

Հոգեպարար արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» հոգեթով շարականի երգեցողութեամբ եւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով. ապա, հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղկածածկ սեղանին՝ ստանալու համար անկէ բխած օրհնութիւնը։