Մեր եկեղեցիներէն ներս Ս. Յարութեան նախատօնակին կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին, կը կատարուի տնօրհնէքի արարողութիւն։ Ճրագալոյցի Պատարագի ընթացքին է, որ եկեղեցւոյ կանթեղները, ճրագները եւ մոմերը կը վառուին ու Քրիստոսի Լոյսը կը բաշխուի հաւատացեալներուն։
Այս առիթով, Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյցի օրին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, պատարագիչը Ս. Խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը ու փոխանցեց Նորին Ս. Օծութեան, որ, իր կարգին, վառեց դասին մէջտեղ կանգնած աշտանակը, որմէ հաւատացեալները ստացան իրենց լոյսերը՝ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը աւետող «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ» հոգեթով շարականի երեգեցողութեան հետ։ Ապա, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ Զատկական տնօրհնէքի արարողութիւնը։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին փոխանցեց Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը, ըսելով՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ