Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելած պաշտօնական հիւրերու կարգին յիշենք հետեւեալները.-

— Քանի մը օրեր առաջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը։

— Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան փոխ նախագահուհի դոկտ. Մաթին Նաժըմ Քթայլին, եւ քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։

— Հրանուշ Յակոբեանի՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նախկին նախարարուհիին այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ներկայ կացութեան։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Յակոբեանի բերած կարեւոր նպաստը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման, միաժամանակ ողջունելով նոյն նպատակին նուիրուած իր եռահատոր հրատարակութիւնը՝ «Հայրենի-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» խորագրով։