«ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՄԲ ԹԵՄԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս հաստատումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Տուպայի մէջ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթի մասնակիցները, իր փակման խօսքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ 400 անձեր մասնակցեցան ճաշկերոյթին, որ դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին վերածաղկումի շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Քրիսթին Եփրեմեան-Թոսունեան, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան, մեր Ս. Աթոռին Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան եւ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան: Բոլոր խօսք արտասանողները անդրադարձան Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութեան, Վեհափառ Հայրապետին համահայկական մտածողութեան եւ համախմբում յառաջացնելու աշխատանքին, տակաւ ծաւալող ու վերակազմակերպուող թեմի աշխատանքներուն եւ Նորին Ս. Օծութեան Հովուապետական այցելութենէն ետք թեմին դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ՝ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25 ամեակին:
Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ անցնող 10 տարիներու ընթացքին ծառայութեան լծուած է մեր գաղութները գործօն ներկայութիւն դարձնելու շրջանէն ներս, թեմին եւ այլ համայնքներու ու պետական կառոյցներու հետ իր ունեցած հետեւողական յարաբերութեամբ եւ թեմական կառոյցները նոր ուժականութեամբ օժտելու իր ճիգով: Նորին Ս. Օծութիւնը գոհութեամբ հաստատեց, որ պետական պատասխանատուները իրենց յատուկ գնահատանքը յայտնած են շրջանէն ներս հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ: Ապա, Հայրապետը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25 ամեակին: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց (ներկայ, բացակայ թէ ննջեցեալ, հոգեւորական թէ աշխարհական), որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են եկեղեցւոյ շինութեան եւ իրենց ծառայութիւնը մատուցած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Տուպայի մէջ նոր եկեղեցի ու երիտասարդներու նոր կառոյց մը կառուցելու ծրագիրը, որ դարձած է անհրաժեշտութիւն, մանաւանդ վերջին տարիներուն, երբ պայմաններու բերումով քաղաքին մէջ հայ համայնքի ներկայութիւնը նոր ծաւալ կը ստանայ, յատկապէս երիտասարդներու ներկայութեամբ: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով յիշեց գաղութի կեանքէն ներս երիտասարդութիւնը ներառելու հրամայականը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ազդու միջոցներու դիմել, որպէսզի երիտասարդութիւնը ո՛չ թէ սոսկ հետեւողի դիրքին վրայ ըլլայ, այլ առաջնորդողի դերով մասնակից դառնայ մեր համայնքայի կեանքին:
Իր պատգմին վերջին բաժնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Ան ըսաւ, որ «յաճախ կը շեշտեմ՝ մեր ազգը մէկ ամբողջութիւն է՝ մէկ անցեալով, ներկայով ու ապագայով եւ մէկ հայրենիքով: Հայաստանի հզօրացումը Սփիւռքի հզօրացումն է եւ՝ փոխադարձաբար: Ասիկա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար լոզունգ չէ, այլ մտածողութեան ու ծառայութեան ուղեցոյց է: Այս յանձնառութեամբ լծուած ենք մեր թեմերու վերակազմակերպումի աշխատանքին»:
Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով թեմի խնդրանքին, «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Արա Քէօսէեանը, որ երկար տարիներ թեմական ծառայութիւն ունեցած է եւ նիւթապէս օժանդակած թեմի ծրագիրներուն։ Իսկ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Մուշեղ Պետիրեանը, որ դարձեալ թեմական ծառայութիւն ունեցած է անցնող տարիներու ընթացքին:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Կարեն Գրիգորեան եւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ասսաֆ Տումաթ:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Տուպայէն մեկնելէ առաջ հանդիպումներ ունեցաւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետներուն հետ եւ քննարկեց թեմին յառաջիկայ ծրագիրները: Նոյն օրը, Հինգշաբթի գիշեր, Հայրապետը Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի հետ վերադարձաւ Անթիլիաս։ Իսկ յաջորդ օրը, Մեսրոպ Սրբազան մեկնեցաւ Քաթար, Նորին Ս. Օծութեան կողմէ յատուկ նամակ մը յանձնելու վարչապետ Մուհամմետ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասեմ Ալ-Սանիին: