Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առաւել քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Քաթարի դեսպան Շէյխ Սաուտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Ալ-Սանիին հետ:
Հանդիպումին, առաջին հերթին, անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ Քաթարի վարչապետ Մուհամմետ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասեմ Ալ-Սանիի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Նորին Սրբութեան Քաթար այցելութեան եւ յատկապէս վարչապետին հետ քննարկուած նիւթերուն: Ինչպէս ծանօթ է, Քաթարը առանցքային դերակատարութիւն ունի թէ՛ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ թէ՛ Կազայի պատերազմին լուծման ճիգերուն մէջ:
Հայրապետը յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցերու գծով իր տեսակէտները պարզեց՝ շեշտելով շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը. միաժամանակ ան իր գնահատանքը յայտնեց Քաթարի հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերումին։
Դեսպանը, իր կարգին, նախագահական ընտրութեան գծով կատարուող խորհրդակցութիւններու մասին տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը:
Հանդիպման աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը նամակ մը յանձնեց դեսպանին՝ ուղղուած Քաթարի վարչապետին: