ԱՐՑԱԽԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արցախի առնչուած եւ յատկապէս Արցախի հայութեան վերադարձի ու քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցերուն գծով: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ «ԸՆԴԴԷՄ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

«Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, ընթացք առաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մորընօ Օքամփոյի…

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՕ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն…