Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Յակոբ Բագրատունի (Հ.Յ.Դ.) եւ բժիշկ Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.)։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք աշխատանքները ու ժողովրդային ձեռնարկները։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս համահայկական ու համայնքային հարցերու ու նախաձեռնութիւններու գծով։ Ան շեշտեց լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ կայանալիք եկեղեցական ու ժողովրդային հաւաքներուն՝ ցոյց տալու մեր շրջապատին ու յատկապէս ցեղասպաններուն, մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքն ու պահանջատիրական աննկուն ոգին։