ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ԺԱՄԱՆԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ, ԱՐՑԱԽԷՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԷՆ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ
Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ 19 եւ Շաբաթ 20 Յունուար 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Աշխարհը Եւ Տարածաշրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողով։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…