ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 31 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ՄԵՐ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափաշ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։

Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

Հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը եւ պետական, կուսակցական, միութենական ու համայնքային ներկայացուցիչներ։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ՝ «ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։ «Այո՛, Քրիստոս յաղթեց աշխարհին ո՛չ թէ սուրով, այլ՝ սիրով, ո՛չ թէ երկրաւոր իշխանութեամբ, այլ՝ երկնային ծառայութեամբ, ո՛չ թէ ուրիշներուն իրաւունքը գրաւելով, այլ՝ ուրիշներուն իրաւունքը պաշտպանելով։ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին խաչ բարձրանալով եւ խաչով յարութիւն կերտելով։ Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի։ Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի յաղթական յարութեան՝ դարերէն եկող ու դարերուն գացող»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին ըսաւ՝ «Քրիստոս իր խորհրդական մարմնին՝ եկեղեցւոյ ճամբով կը յիշեցնէ մեզի, թէ ինք իր յարութեամբ յաղթած էր չարին, մեղքին ու մահուան եւ՝ յարութիւն կերտած։ Արդ, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած պայքարիլ աշխարհի չարերուն ու մեղքերուն։ Ա՛յս է յարութեան ճամբան՝ մահուան դիմաց կեանքի յաղթանակի ճամբան»։

Խօսելով մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Նայեցէք մեր պատմութեան. մեր ողջ պատմութեան ընթացքին շրջապատուած եղած են ահաւոր տագնապներով, պատերազմներով, հալածանքներով, ցեղասպանութեամբ, արտագաղթով. սակայն կրցած ենք յարութեան հաւատքով զօրացած՝ դիմակալել այս ահաւոր տագնապները եւ վերականգնիլ, վերաշինել մեր հայրենիքը ու վերահաստատել մեր ազգին միասնականութիւնը։ Հետեւաբար, ներկայ ժամանակներուն, մեզի պարտադրուած տագնապներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուիլ, յուսահատիլ, այլ՝ յարութեամբ զինուած՝ պէտք է շարունակել մեր հաւատքի պայքարը՝ ի խնդիր մեր հաւաքական արժէքներու ու իտէալներու պաշտպանութեան»։

Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, որ «նման ճակատագրական պահերուն հայ եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ եղած է՝ ինքզինք նոյնացնելով մեր ժողովուրդի տագնապներուն ու պայքարին հետ, իր հաւատքի առաքելութեան անբաժան մասը նկատելով հայրենիքի ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին միշտ պիտի մնայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին»։

Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան՝ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատի կողքին՝ շեշտելով Կազայի պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներուն վերահաստատումը։ Իսկ խօսելով Լիբանանի ներքին կացութեան՝ ան դարձեալ յիշեցուց, որ նախագահի ընտրութիւնը անյետաձգելի պահանջք է, ինչպէս նաեւ՝ ժողովուրդի ընկերատնտեսական տագնապի լուծումը։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա, Հայրապետը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները՝ անգամ մը եւս աւետելով.- ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ. ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Հուսկ, Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց հոգեւոր պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովրդեան։