ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ ՄԻՋԵՒ
Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին ընդհանուր դատախազ դոկտ. Լուի Մորենօ Օքամփոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Յայտնենք, որ դոկտ. Օքամփօ միջազգային համբաւ եւ յարգանք վայելող դատախազ է, որ կը բարձրաձայնէ ազգերու ու ժողովուրդներու բռնաբարուած իրաւունքներու վերահաստատման ու վերատիրացման պահանջատիրութիւնը։ Խօսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ դոկտ.…